2014-12-01 09:26:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 6-րդ Միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։


''Սրբազան Հայրը այցելութիւն տուաւ Մութաֆեան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին''։

(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014)
Կիրակի, 30 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 18,30-ին, ''Ալիթալիայի'' քահանայապետական թռիչքը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան, վերջ տալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական միջազգայինն 6-րդ ճամբորդութեան, որ հանդիսացաւ նաեւ ժամանակակից շրջանի քահանայապետի մը 143-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։
Երեք օր տեւած ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Թուրքիոյ մայրաքաղաք` Անգարան` հանդիպելով քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ու ապա Իսթանպուլը` ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պահպան սուրբ` Ս. Պետրոս Առաքեալի եղբայր` Անդրէաս առաքեալին ի պատիւ ձեռնարկուած արարողութիւններուն։
Անգարայի մէջ արտասանած իր ճառերուն մէջ սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց համերաշխութեան եւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութեան, յատկապէս կոչ ուղղելով մարդու իրաւունքներու յարգանքին, խղճի ու կրօնի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններուն արդար իրաւունքին ի խնդիր։ Ան ապա ընդգծեց Իսլամ - քրիստոնեայ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու այս ծիրէն ներս երկու կրօններու միջեւ համագործակցութիւնը ի սպաս խաղաղութեան։ Կապոյտ մզկիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը լռելեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, Անորմէ հայցելով պատերազմներու վերջնական դադրեցումը։
Մինչ անգարայի հանգրուանը ունեցաւ ''Փրոթոքոլային'' եւ պետական այցելութեան բնոյթ Իսթանպուլի հանգրուանը հանդիսացաւ առաքելական ճամբորդութեան սիրտը, բնորոշուելով իր համամիութենական բնոյթով։ Սրբազան Հայրը արդարեւ թուրքիա մեկնած էր ընդառաջելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ի հրաւէրին, միասնաբար տօնախմբելու օրթոտոքս Եկեղեցւոյ համար եզակի այս տօնը։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումներն ու յաճախակի ողջագուրումը Բարթողոմէոս Ա-ին հետ, հանդիսացան միութեան խորհրդանիշ որ պսակուեցաւ միացեալ յայտարարութեան ստորագրութեամբ, որուն մէջ երկու հովուապետերը իրենց յանձնառումը յայտնեցին շարունակելու համամիութենական ճանապարհը, համապատասխանելու համար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աղօթքին ու կամքին ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան''։
Անոնք ապա միասնաբար դատապարտեցին Սուրիոյ Եւ Իրաքի մէջ յանուն կրօնի իրագործուած արարքները ու միջազգային հասարակութեան կոչ ուղղեցին պաշտպան կանգելու քրիստոնեաներուն բացայայտելով թէ ''կարելի չէ երեւակայել Միջին Արեւելք մը առանց քրիստոնեաներուն''։
Իսթանպուլէն չմեկնած, օդակայանի ճամբուն վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը, յայտագիրէն դուրս յատուկ այցելութիւն մը կատարեց, Պոլսոյ հայոց պատրիարք` Մեսրոպ Մութաֆեանին, որ 2008 թուականէն ի վեր կը տառապի անբուժելի` ''Ալզհայմըր'' հիւանդութեամբ եւ անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուի Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ: Այցելութիւնը ընդամէնը տեւեց 10 վայրկեան` Պատրիարքին մօտ ներկայ էին անոր Մայրն ու քոյրը ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ` Գերշ. Արամ Արք. Աթէշեանը։
Իսկ Հռոմ ժամանելուն, սովորութեան համաձայն, Սրբազան Հայրը այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ` Տիրամօր աւագ Պազիլիքան, շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուածամօր, ճամբորդութեան յաջողութեան համար ու անոր յանձնելու առաքելութեան պտուկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.