2014-12-01 09:41:15

Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կանոնական այցելութիւնը սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014) 1 -5 հոկտեմբեր 2014, Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն ս. Պետրոսի յաջորդին։
Նշենք թէ Զուիցերիան ունի 41,285 քմ քառակուսի տարածք եւ 7.952, 555 բնակչութիւն, որուն 43 առ հարիւրը կաթողիկէ են, Բողոքականները կը կազմեն բնակչութեան 33 – 35 առ հարիւրը, օրթոտոքսները 1,8 առ հարիւրը, մահմետականները 4,3 առ հարիւր, հրեաները 0,2 առ հարիւր մինչ 10 առ հարիւրը իրենք զիրենք անհաւատ կը հռչակեն։
Զուիցերիոյ դաշնակցութիւնը կազմուած է 23 տեղական պետութիւններէ` ''Քանդոններէ''։ Զուիցերիոյ եկեղեցական կառոյցը կազմուած է վեց թեմերէ եւ անոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասը` նկատուած է պատմական առաջին համահաւաք դաս որ հիմնուած է 1863-ին։
Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը մեծ մարտահրաւէրի առջեւ կը գտնուի յաչս աշխարհականացումի երեւոյթին յառաջացումին. Ասոր համար է որ 2014-ի Հովուական Տարւոն որպէս նիւթ ընտրած է ''Միացած Հաւատքի մէջ '' նիւթը։ Այլ մարտահրաւէր մըն ալ քահանայական կոչումներու նուազումն է ու այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած ''Կրօնաւորական կեանքի տարին'' մասնայատուկ իմաստ մը կը ստանայ Զուիցերիոյ եկեղեցական կեանքին համար որ 2015-ի 9 նոյեմբերը հռչակած է ''Քահանայութեան Օր'' յատուկ կերպով նշելու քահանայական առաքելութեան գործունէութիւնը եւ ընդգծելու Աստուծոյ կոչին համապատասխանելու կարեւորութիւնն ու յանձնառումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.