2014-11-30 12:02:22

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը Տիեզերական Պատրիարքութեան Սուրբ Գէորգ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ծիսական արարողութեան ընթացքին։


(Ռ.Վ 30 նոյեմբեր 2014) Կիրակի, 30 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8։30-ին (տեղական ժամով), Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ներկայ գտնուեցաւ, ս. Անդրէասի տօնին ծիսակատարութեան` հովանաւորութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ին։
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ`
''Աստուծոյ կողմէ մեծ պարգեւ մըն է հոս ձեր մէջ գտնուիլս ՝ Սուրբ Պետրոսի եղբօր` Անդրէաս Առաքեալի տօնին առթիւ , որ է պաշտպան Սուրբը Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան։
Այս ՝մեր հանդիպումը , մէկը միւսին հետ տեսակցիլը, եւ խաղաղութեան փոխանակումը, էական տարրերն են, այն ուղեւորութեան որ մեզ կը տանի դէպի ամբողջական հաղորդութիւն, որուն միշտ ձգտած ենք։ Ճշմարիտ երկխօսութիւնը կը կայանայ հանդիպումի մէջ, մէկը միւսին հետ ծանօթանալով անոր անունով, անցեալով եւ ոչ թէ միայն գաղափարներու փոխանակումով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա դրուատեց Անդրէաս Առաքեալի փորձառութիւնը՝ Յիսուսին հետ հանդիպելով, ու նշեց թէ Քրիստոնէական կեանքը անձնական փորձառութիւն է, հանդիպում՝ Անոր հետ որ մեզ կը սիրէ եւ կ՝ուզէ մեզ փրկել։ Ան ապա օրինակներ մէջբերեց՝ ''Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթէնակորա Տիեզերական Պատրիարքի միջեւ հանդիպումը'' եւ այս հանդիպման 50 ամեակի առթիւ վերջերս Սուրբ Երկրի մէջ կայացած Իր եւ Բարթողոմէոս Ա միջեւ հանդիպումը, անհրաժեշտ նկատելով անձնական շօշափելի հանդիպումները՝ երկխօսութեան ի սպաս։
Ակնարկելով ապա Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ''Unitatis redintegratio'' վճիռին զայն հիմնական թղթածրար նկատեց Կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներու միջեւ միութեան ի խնդիր։
Ֆրանչիկսոս Պապը հուսկ անդրադարձաւ ժամանակակից հիմնական հարցերուն, որոնց հանդէպ կարելի չէ անտարբեր մնալ` աղքատներու ձայնը , անգործ երիտասարդներու թիւի աճումը եւ ընկերութենէ դուրս դրուած անձերը ու հաստատեց թէ աղքատութիւնը ահաբեկչութեան առիթ կը դառնայ։
Ասոնք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեզմէ չեն խնդրեր միայն նիւթական օժանդակութիւն այլ կը խնդրեն որ պաշտպանենք իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց զանազան երկիրներու մէջ պատերազմներու զոհերուն ըսելով , թէ բռնութեան արարքաները՝ յատկապէս տկարներուն հանդէպ, մահկանացու մեղք մըն է Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ անարգանք մըն է Աստուծոյ պատկերին։
Քահանայապետը իր պատգամին աւարտին խօսքը ուղղելով Բարթողոմէոս Պատրիարքին ըսաւ , ''Արդէն իսկ կը գտնուինք հաղորդութեան ուղիին վրայ, արդէն իսկ կրնանք ապրիլ միութեան նշոյլները՝ նոյնիսկ եթէ անոնք ամբողջական չեն։ Ասիկա մեզ կը հանգստացնէ եւ կը քաջալերէ յարատեւելու միութեան ճանապարհին վրայ։ Վստահ ենք թէ մեր ուղեւորութեան ընթացքին՝ պատսպարուած ենք Անդրէաս եւ Պետրոսի բարեխօսութեամբ։
Հայցենք Տիրոջմէ, ամբողջական միութեան մեծ պարգեւն ու կարողութիւնը զայն ընդունելու մեր կեանքի ընթացքին, եւ երբեք չմոռնանք մէկը միւսին համար՝ աղօթել։''







All the contents on this site are copyrighted ©.