2014-11-30 12:07:45

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Բարթողոմէոս Ա-ին միացեալ յայտարարութիւնը։


Իսլամներն ու Քրիստոնեաները կանչուած են միասնաբար աշխատելու ի սպաս արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու արժանապատուութեան յարգանքին

(Ռ.Վ 30 նոյեմբեր 2014) Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան առթիւ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Իսթանպուլի Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան մէջ տեղի ունեցաւ` Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Բարթողոմէոս Ա ''միացեալ յայտարարութեան'' ստորագրութիւնը, որուն մէջ երկու եկեղեցապետերը նախ գոհութիւն յայտնեցին Աստուծոյ այս հանդիպումի պարգեւին համար, միասնաբար տօնախմբելու Սուրբ Պետրոսի եղբօր` Սուրբ Անդրէասի տօնը։
Յայտարարութեան մէջ ապա նշուեցաւ ` Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս Պատրիարքի պատմական ողջագուրումի յիշատակութիւնն ու անոր 50 ամեակի նշումը որ տեղի ունեցաւ անցեալ մայիսին Երուսաղէմի մէջ, եւ որ այսօր կը նորոգուի։

''Մեր անկեղծ կամքը եւ վճռակամ մտադրութիւնը կը յայտնենք, հնազանդելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կամքին, աշխուժացնելու մեր ջանքերը ի նպաստ բոլոր քրիստոնեաներու լիակատար միութեան ու յատկապէս Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու միջեւ'', գրուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ, ուր կը մատնանշուի Միջազգային խառն յանձնախումբին, որ 35 տարիէ ի վեր կը սերտէ երկու եկեղեցիները բաժնող դժուար հարցերը։ ''Այս առընչութեամբ որպէս Եկեղեցւոյ հովիւներ կ՛ապահովեցնենք մեր ջերմագին աղօթքները ու մեր հաւատացեալներէն կը խնդրենք որ միանան մեր միասնական աղօթքին, որպէսզի ''բոլորը մէկ ըլլան եւ աշխարհը հաւատայ'', կը շեշտեն երկու Հովուապետերը ու ապա իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն ի տես Իրաքի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ գոյատեւող տագնապալից իրավիճակին, ապահովեցնելով խաղաղութեան ու կայունութեան ցանկութեան իրենց միութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց միասնական կամքը` հակամարտութիւնները լուծելու երկխօսութեան եւ հաշտութեան ուղիով։
Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Բարթողոմէոս Ա կոչ կ՛ուղղեն բոլոր անոնց որ պատասխանատուութիւններ ունին այս առընչութեամբ, բազմապատկելու իրենց ջանքերը ի սպաս տառապող հասարակութիւններուն, ներառեալ քրիստոնեաներուն, անոնց թոյլ տալով գոյատեւել իրենց մայրենի հողերուն վրայ։

''Չենք կրնար համակերպիլ Միջին Արեւելքի մը առանց Քրիստոնեաներուն, ուր երկու հազար տարիէ ի վեր անոնք կը դաւանին Յիսուսի Անունը։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատերը հալածուած են եւ բռնութեան սպառնալիքի տակ ստիպուած են թողուլ իրենց բնակավայրերը։ Կարծէք մարդկային կեանքին արժէքը կսորուած ըլլար եւ մարդ արարածը կորսնցուցած ըլլար իր կարեւորութիւնը եւ դարձած զոհ` անհատական շահերուն'' կ՛ընդգծեն Անդրէաս եւ Պետրոս առաքեալներու յաջորդները միացեալ յայտարարութեան մէջ, ու կը մէջբերեն` Սուրբ Պօղոսի, կորընթացիներուն ուղղած նամակէն հետեւեալ հատուածը` ''Եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, բոլոր անդամները կը մասնակցին ցաւին եթէ մէկ անդամը յարգուի, բոլոր անդամները մասնակից են ուրախութեան''։ Այս է քրիստոնէական կեանքի օրէնքը - կը հաստատեն երկու կրօնապետերը - եւ ասոր համար է որ մենք կ՛ընդունինք տառապանքի համամիութիւնը։ Այնպէս ինչպէս մարտիրոսներու արիւնը եկեղեցւոյ համար հանդիսացաւ զօրութեան եւ պտղաբերութեան սերմ այնպէս ալ առօրեայ տառապանքի բաժնեկցութիւնը կրնայ դառնալ միութեան արդիւնաւէտ գործիք մը։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներու ողբայի իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ կը պահանջէ ոչ միայն յարատեւ աղօթք այլեւ միջազգային հասարակութեան համապատասխան յանձնառում։
Աշխարհի դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները, կարիքը ունին բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց զօրակցութեան, ասոր համար կը շեշտենք Իսլամական աշխարհի հետ կառուցողական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, հիմնուած` փոխադարձ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ։ Իսլամներն ու Քրիստոնեաները կանչուած են միասնաբար աշխատելու ի սպաս արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու արժանապատուութեան յարգանքին մանաւանդ այն շրջաններուն մէջ ուր անոնք դարեր ամբողջ ապրած են խաղաղ համակեցութեամբ։
Կը յիշենք պատերազմներու պատճառաւ տառապող բոլոր ժողովուրդները յատկապէս Ուկրանիան ու կոչ կ՛ուղղենք հակամարտող կողմերուն դիմելու երկխօսութեան ճանապարհին որպէսզի Ուկրանիոյ ժողովուրդը ապրի ներդաշնակութեամբ։ Կը գրեն Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողոմէոս Պատրիարքը իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ որուն աւարտին ''աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած որպէսզի բոլոր մարդկային ընտանիքին պարգեւէ` խաղաղութեան սիրոյ եւ միութեան շնորհքը ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.