2014-11-30 12:29:35

Կրօնաւորական կեանքի տարուան հանդիսաւոր բացումը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ։


(Ռ.Վ 30 նոյեմբեր 2014) ''Անձինք նուիրեալներու'' տարին սկիզբ առաւ այսօր` Կիրակի, 30 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, զոր գլխաւորեց Կրօնաւորներու եւ առաքելական հասարակութիւններու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ժաօ Պրազ Տէ Ավիզը եւ որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ` կրօնաւորներուն յղած նամակը։
Կրօնաւորներու տարւոյն հանդիսաւոր բացման արարողութեան նախօրեակին , Շաբաթ 29 նոյեմբերին, Հռոմի Տիրամօր աւագ պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի աղօթք։ ''Անձինք նուիրեալներու' տարուան (29 Նոյեմբեր 2014էն - 2 Փետրուար 2016), յայտագիրը կը նախատեսէ բազմաթիւ դէպքեր եւ ձեռնարկներ ըլլայ Հռոմի մէջ ըլլայ եւ այլուր, անոնցմէ նշենք.
- 8 Դեկտեմբերին սկիզբ աղօթքի շղթայի մը վանքերու մէջ։
- Եկեղեցիներու միութեան շաբաթուան ընթացքին աղօթքներ քոյր եկեղեցիներու միութեան համար։
- 22-25 Յունուար 2015-ին համամիութենական կլոր սեղան մը մասնակցութեամբ կրօնաւորներու ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։
- 8-11Ապրիլ 2015 հանդիպում մը` սահմանուած կրօնաւորական կեանքի կազմաւորումին։
- 29 Սեպտեմբեր 2015-ին ոգեկոչում կրօնաւոր նահատակներուն։
- Հուսկ 24 Յունուարէն - 2 Փետրուար 2016 տեղի պիտի ունենայ Անձինք նուիրեալներու համաշխարհային շաբաթը որ պիտի եզրափակուի գոհաբանական աղօթքի հսկումով `30 Յունուար 2016-ին, որուն պիտի յաջորդէ հանդիսաւոր պատարագը ս. Պետրոսին մէջ` 2 Փետրուար 2016 ին, Անձինք նուիրեալներու համաշխարհային օրուան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.