2014-11-29 08:48:14

Ֆրանչիսկոս Պապը մեծ յոյս է թուրքիոյ քրիստոնեաներուն համար։


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թուրքեա առաքելական ճամբորդութեան առանցքը համամիութիւնն է''։ Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ մեծ ոյժ կու տայ Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն'', յայտարարած է Լաքի Վինքաս` գործակիցը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան եւ ներկայացուցիչը Թուրքիոյ ոչ իսլամ փոքրամասնութեան։
Ամէն անգամ որ Քահանայապետ մը Թուրքիա կը հասնի, մեզի քրիստոնեաներուս մեծ ոյժ մըն է։ Մեծ յոյս ու վստահութիւն դրած ենք ֆրանչիսկոս Քահանայապետին վրայ, ըլլայ անոր ներկայութեան մեր մէջ, ըլլայ անոր արտասանելիք պատգամներուն` հաւատքի ու խիղճի ազատութեան, սիրոյ ու միասնաբար ընթանալու դէպի միութիւն նիւթերուն մասին։
Բարթողոմէոս Պատրիարքը մեծ յոյս դրած եկեղեցիներու միութեան ծրագիրին վրայ։
Սալեզեան միաբանութեան հայր Նիքոլա Մազետու ժողովրդապետը Իսթանպուլի Ս. Հոգւոյ նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ, ուր Սրբազան Հայրը, այսօր` շաբաթ 29 նոյեմբերին, միջ-ծիսական պատարագ կը մատուցանէ, իր կարգին յայտնեց որ Թուրքիոյ քրիստոնեաները մեծ ակնկալութիւններ ունին։ Անոնք մեծ յոյս ունին որ Նորին Սրբութիւնը խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ եղբայրակցութիւնը բերէ այս աշխարհամասին։ Քահանայապետը բոլորին համար եկած է` լատիններուն, հայերուն, ասորիներուն, Քաղդէացիներուն։ Կ’ուզենք որ անոր ներկայութիւնը մեր մէջ ցոլացնէ իսկական պատկերը Աւետարանին, քրիստոնեային, որ է հիւրընկալութիւն, եղբայրակցութիւն եւ տրամդրելիութիւն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.