2014-11-29 17:36:52

Համամիութենական աղօթք Կ.Պոլսոյ Տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ։


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, 29 նոյեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 6:15-ին, յաւարտ Սուրբ Հոգիի անուան տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուղղուեցաւ Իսթանպուլի ''Ֆանար'' շրջանին մէջ գտնուող Տիեզերական Պատրիարքութեան Աթոռանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի ուր ընկերակցութեամբ Բարթողիմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքին, Ֆրանչիսկոս Պապը մուտք գործեց եկեղեցի եւ ուր տեղի ունեցաւ Համամիութենական աղօթքի արարողութիւնը որուն ընթացքին յատուկ աղօթքներ կատարուեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայպատեի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքի դիտաւորութեան ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միութեան համար։
Ապա խօսք առին Բարթողիմէոս Ա Պատրիարքը եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Երկու կրօնապետերը ապա լատիներէնով միասնաբար արտասանեցին Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը, որմէ ետքը Նորին Սրբութինը լատիներէն լեզուով ներկաներուն փոխանցեց առաքելական օրհնութիւնը որուն յաջորդեց Բարթողոմէոս Ա յունարէն լեզուով հաւատացնեալներուն օրհնութիւնը։
Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկսս Պապն ու Պատրիարքը ուղղուեցան Աթոռանիստ եկեղեցւոյ դահլիճ ուր տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում, նուէրներու փոխանակում եւ երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում։
Համամիութենական աղօթքի եւ հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ուղղուեցաւ Քահանայապետական ներկայացուցչական կեդրոն որ ճանչցուած է նաեւ որպէս ''Քազա Րոնքալլի – Րոնաքալլի (Ղովհաննէս ԻԳ քահանայապետին) Տուն'' ուր գիշերեց։
Վերոյիշեալ աղօթքի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ՝՝սրտի գոհունակութեամբ եւ երախտագիտութեամբ ուրախութիւն կը յայտնեմ այստեղ գտնուելուս՝ քոյր եկեղեցւոյ հետ միասին, միասնաբար աղօթելու համար՝՝։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր եւ ջերմ ընդունելութեան համար ու մէջբերելով Զաքարիա մարգարէի գիրքէն՝ քաղուած (Զաք Մարգ. 8, 7-8) ՝՝Այսպէս կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը. Ահա, ե՛ս կը փրկեմ իմ ժողովուրդս՝ արեւելքի եւ արեւմուտքի երկիրներէն՝՝ ըսաւ թէ ''Աստուծոյ շնորհած հիմը, հաստատ ժայռ մըն է որուն վրայ միասնաբար կրնանք շարժիլ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հաստատեց թէ ''Անդրէաս եւ Պետրոս առաքեալները ընդառաջելով Տիրոջ խոստումին, ստացան անոր պարգեւները։ Անոնք արեան եղբայրներն էին, Տիրոջ հետ հանդիպումով անոնք վերածուեցան ՝ հաւատքի եւ սիրոյ եղբայրներ, եղբայրներ յոյսի Յարուցեալ Տիրոջ վրայ։
Սոյն միասնական յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր, որովհետեւ հիմնուած է ոչ թէ մեր ուժերուն վրայ, այլ Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը
ու ապա խօսքին աւարտին Կ. Պոլսոյ եկեղեցւոյ եւ բոլոր ներկաներուն յայտնեց եղբայրական շնորհաւորութիւնները Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.