2014-11-28 09:12:09

Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիմած է խիստ միջոցառումներու Ֆրանչիսկոս Պապի Անգարա այցելութեան առթիւ


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 28 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի թուրքիա կատարելիք այցելութեան առթիւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիմած է խիստ միջոցառումերու ապահովուելու համար Պապին անվտանգութիւնը։
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու Անգարայի մէջ Ֆրանչիկսոս Պապի անցնելիք ճամբուն պիտի վերահսկէ հազար ոստիկան: Ընդհանուր առմամբ, պապի անվտանգութեամբ պիտի զբաղին 2700 իրաւապահներ, պիտի ներգրաւուին տասնեակ մը յատուկ մեքենաներ: Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնները արտօնած են այդ օրերուն զննել բոլոր այն մարդիկը, որոնք կասկածելի կը թուին իրաւապահներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.