2014-11-27 14:39:57

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 27 նոյեմբերի քարոզը՝ ''Պէտք չէ ընկճուիլ չարին դիմաց այլ պէտք է յոյսով ապրիլ''։


(Ռ.Վ. 27 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտնեց, թէ կաշառութիւնը եւ ցրուածութիւնը՝ մեզ Տիրոջմէ կը հեռացնեն։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով օրուայ աւետարանական ընթերցումին ուր կը խօսուի Բաբելոն եւ Երուսաղեմ քաղաքներու կործանումի մասին ըսաւ, թէ վերոնշեալ քաղաքներու կործանումի պատճառներն են՝ անոնց հեռացումը Տիրոջմէն։
Բաբելոն քաղաքը հոմանիշն է չարին եւ մեղքին՝ անոնք կաշառակերութեան միջոցաւ իրենց զիրենք աշխարհի տէր տիրականը կը կարծէին, իսկ՝ Երուսաղեմ Քաղաքը ցրուածութեան մէջ գտնուելով չանդրադարձաւ Տիրոջ գալուստին։ ''Երբ լի ենք մեղքերով՝ կը կորսնցնենք հակադարձելու կարողութիւնը եւ կը սկսինք մաշելու'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ Կաշառութիւնը քիչ մը ուրախութիւն կը պատճառէ, իշխանութիւն եւ գոհունակութին կու տայ , բայց տեղ չի ձգեր Տիրոջ՝ դարձի գալու համար։
Երկու քաղաքներու կործանումի օրինակները մտածել կու տան մեր կեանքի մասին,
արդեօք կը նմանինք կաշառուած Բաբելոն քաղաքին կամ ցրուած Երուսաղեմին - հարց տուաւ
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յորդորեց չվախնալ ու մտաբերել Տիրոջ խոստացած խնճոյքը, որուն ձրիաբար հրաւիրուած են, ուստի երբեք չընկճուինք այլ ապրինք յոյսով։
՝՝Խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը՝ պատրաստ գտնուելու իր խնճոյքին՝ միշտ մեր ճակատը բարձր պահելով՝՝, եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.