2014-11-27 12:54:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Մեծ քաղաքներու հովուական խնամակալութեան'' միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպումը։


(Ռ.Վ. ) Անցեալ 24 նոյեմբեր 2014-ին, Պարսելոնայի մէջ սկիզբ առաւ ''Մեծ քաղաքներու հովուական խնամակալութեան'' միջազգային խորհրդաժողովի վերջին հանգրուանը որ սկիզբ առած էր անցեալ մայիս 2014-ին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` ընկերաբանութեան, հովուական եւ աստուածաբանութեան մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ հինգ ցամաքամասերէն ժամանած Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Հինգշաբթի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ընդունեց վերոյիշեալ խորհրդաժողովի մասնակցող երեսուն կարդինալներն ու եպիսկոպոսները ու անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին զրուցեց իր ապրած հովուական առաքելութեան անձնական փորձառութեան մասին` երբ Պուէնոս Այրէսի երբեմնի Արքեպիսկոպոս էր։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց իր հրատարակած ''Evangelii gaudium - Աւետարանի ուրախութիւն'' շրջաբերական թուղթի պարունակութեան ու խօսքը կեդրոնացուց երեք կարեւոր նիւթերու վրայ` '' Հովուական ներկայ մտայնութեան փոփոխութեան հարկաւորութիւնը'', '' բազմամշակութային աշխարհին երկխօսութիւնը, նկատի առնելով ժողովրդային հոգեւորականութիւնը'' եւ ''ուշադրութիւն քաղաքի աղքատներուն''։
Սրբազան Հայրըայս առընչութեամբ ներկայացուց երկու բառերու մէջ եզրակացուած առաջադրանքներ դիմագրաւելու համար հովուական մարտահրաւէրները` ''դուրս ելլել եւ դիւրացնել''։
''Եկեղեցական յեղաշրջում մը. Մտադրուած առանցքային առաքելութեան ուղիով. Մտայնութեան փոփոխութիւն մը որ կը մտի անցնիլ սպասումէն եւ ընկալումէն դէպի ընդառաջ երթալն ու փնտռտուքը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով այս գաղափարին իմաստը`
''Դուրս ելլել փնտռելու համար զԱստուած որ կը բնակի քաղաքին մէջ եւ աղքատներուն մօտ։ Դուրս ելլել, ունկնդրելու համար, օրհնելու եւ ընկերանալու մարդոց։ Եւ դիւրացնել անոնց հանդիպումը Տիրոջ հետ։ Բաց պահել Եկեղեցիները ու եկեղեցական գրասենեակները''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց ներկաները կառուցել ''Սամարացիի'' Եկեղեցի մը` որ գիտէ վկայութիւն տալ սիրոյ եւ քնքշութեան միջոցաւ ու գիտէ ներկայ ըլլալ` էութեան արուարձաններուն մէջ, դիմելով ընկերային հովուական ''էքումենիք'' խնամակալութեան քոյր եկեղեցիներու եղբայրակիցներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզ ''փոխելու մեր մտայնութիւնը եւ աճեցնէ այլ մշակոյթներուն հետ երկխօսութեան մեր կարողութիւնը, արժէքաւորելով ժողովրդային հոգեւորականութիւնը, ինչպէս նաեւ օգնէ որպէսզի մեր առօրեայ հացը բաժնեկցինք քաղաքներու աղքատներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.