2014-11-27 08:32:32

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւններու յաջորդ հանգրուանը` Թուրքիան։


(Ռ.Վ. ) Ուրբաթ 28 նոյեմբերէն մինչեւ կիրակի 30 նոյեմբեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադիր` Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ. առաքելական եռօրեայ ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Թուրքիա։
Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ունի 774,815 քմ քառակուսի տարածք, 76 միլիոն 140 հազար բնակչութեամբ, որուն մեծամասնութիւնը Իսլամ կրօնին կը պատկանին (68 առ հարիւրը սիւննի եւ 30 ռ հարիւրը Շիիդ), մնացած երկու առ հարիւրը կը ներառէ կրօնական փոքրամասնութիւնները որոնց շարքին` Յոյները, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքները, Բիւզանդածէս Կաթողիկէները եւ հայ աւետարանականները։
Թուրքիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 7 եկեղեցական գաւառ ուր կը գործեն 54 ժողովրդապետութիւններ ե, 13 ժողովրդապետական կեդրոններ։
Թուրքիոյ մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 6 եպիսկոպոսներ եւ 52 քահանաներ ու 2 մնայուն սարկաւագներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.