2014-11-27 13:38:51

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը ''Փաուլինա'' միաբանութեան անդամներուն՝ միաբանութեան 100 ամեակի առթիւ շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին։


(Ռ.Վ. ) ''Փաուլինա'' միաբանութեան հիմնադրութեան 100 ամեակի առթիւ, հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2014-ին, ժամը 12,00-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ միաբանութեան եօթը հազար անդամներուն հետ։

Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը անոնց յղած պատգամին մէջ, նախ ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպումին համար ապա ակնարկեց միաբանութեան հիմնադրութեան 100 ամեակի տօնակատարութեան յայտնելով թէ ասիկա մեծ առիթ կ՝ ընծայէ վերանորոգելու համար յանձնառութիւնը՝ ապրելու հաւատքը եւ զայն փոխանցելու, յատկապէս հաղորդագրութեան եւ տպագրական միջոցներով, որ կը կազմէ ''Փաուլինեան միաբանութեան'' յատուկ Խարիզմը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա միաբանութեան անդամները քաջալերեց յարատեւելու միաբանութեան հիմնադիրին` Տոն Ալպէրիոնէի ուղիին վրայ, իրենց հայեացքը միշտ սեւեռելով դէպի ընդարձակ հորիզոններ։

Ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին, ուր Եկեղեցին կը ներկայացուի որպէս ճանապարհորդ ժողովուրդ մը դէպի ապագայ` եւ իր լրումին կը հասնի Աստուծոյ մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ''կրօնաւորները յատուկ վկաներն են, յոյսի հեռանկարին, յատկապէս անոնց ուրախ կեանքով։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին աւարտին նշեց անհատական եւ հասարակական դարձի գալու անհրաժեշտութիւնը ու ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` որպէսզի պաշտպան կանգնի անոնց եւ առաջնորդ հանդիսանայ՝ Փաուլինեան միաբանութեան ուղեւորութեան, որպէսզի միաբանութեան ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին։ Ան ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.