2014-11-27 08:56:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 2015-ը հռչակեց ''Նուիրեալ անձերու'' տարի որուն բացումը կը կատարուի 30 նոյեմբեր 2014-ին։


(Ռ.Վ. ) Յառաջիկայ 30 նոյեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ հանդիսաւոր պատարագի արարողութեամբ սկիզբ պիտի առնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած` ''Նուիրեալ անձերու տարին'' որուն փակումը պիտի կատարուի 2 փետրուար 2016-ին, նուիրեալներու համաշխարհային օրուան առթիւ։
Հռչակուած այս տարւոյն ընթացքին նախատեսուած են բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ` Հռոմի եւ տեղական թեմերէն ներս։
Հռոմի մէջ 2015 տարւոյն ընթացքին նախատեսուած Կարեւոր հանդիպումներէն նշենք.
Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթուան ընթացքին (յունուար 18-25, 2015) տեղի պիտի ունենան համամիութենական հանդիպումներ քոյր եկեղեցիներու նուիրեալ անձերու միջեւ։
Նուիրեալներու հոգեւոր հայրերու` հանդիպում խորացնելու հոգեւորութեան իմաստը։
Երիտասարդ նուիրեալ անձերու կողմէ ծրագրուած յատուկ աշխատանոցի մը բացումը ։
Հուսկ 24 յունուարէն 2 փետրուար 2015, նախատեսուած է ''նուիրեալ անձերը միութեան մէջ'' նիւթին մասին համաշխարհային շաբաթ մր, ու Նուիրեալներու Աստուածաբանութեան միջազգային գիտաժողով մը, որուն նիւթն է` ''Նուիրեալ անձերու բարեկարգումը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի լոյսով ու հեռանկարով''։
Նուիրեալ անձերու տարւոյն ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի նաեւ միջազգային ցուցահանդէս մը '' Նուիրեալ անձերը, Աւետարանը մարդոց պատմութեան մէջ'' նիւթով ու տեղի պիտի ունենան նաեւ այլ ձեռնարկներ եւ բազմազան հանդիպումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.