2014-11-27 08:36:22

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Մանրանկարչութիւն

Մանրանկարչութիւնը կարեւոր մաս կը կազմէ ձեռագրական աւանդութեան։ Ըստ ձեռագրի բովանդակութեան մանրանկարիչը կամ ծաղկողը, որ երբեմն ինքնին ձեռագրի ընդօրիինակողն է, բայց աւելի ստէպ երկրոդ անձ մը, ձեռագիրը կը ծաղկէ։ Հայկական մանրանկարչութեան բնորոշ է յատուկ ոճ։ Թէեւ ունեցած է բիւզանդական կամ հռովմէական ազդեցութիւն, սակայն զարգացուցած է իւրայատուկ ուղղութիւն եւ պատկերացման ժանրեր կամ կերպեր։ Մանրանկարները միշտ շքեղ կամ գունաւոր չեն։ Կան նաեւ միագոյն նկարներ կամ զարդարանքներ։ Ըստ նիւթերու տրամադրելիութեան եւ արժէքի կը տեսնենք այնտեղ տարբերութիւններ։ Զ.օ. եթէ պայմանները չեն ներած գործածել ոսկեթերթ՝ գործածուած է դեղին ներկ։ Նաեւ այլ գոյներու պարագային կը տեսնուին տարբերութիւններ մանրանկարչական զանազան ժամանակներու եւ դպրոցներու կամ թէկուզ աշխարհագրական վայրերու մէջ։ Ապա ճոխութիւնը կախեալ է այն պարագայէն՝ թէ ձեռագիրը թանկ պատուէր մըն է եւ կամ՝ վանական պարզ գործածութեան համար պատրաստուած։
Կը ստիպուինք հիանալ ծաղկողներու համբերութեան եւ կարողութիւններուն վրայ։ Տանք միայն օրինակ մը. ձեռագրի մը մէջ 40 Մանկունք՝ 40 դէմքեր ներկայացուած են ոչ աւելի քան բթամատի մը եղունգի չափի տարածութեան վրայ։
Մանրանկարները հիմնականին սերտօրէն առընչուած են ձեռագրի բովանդակութեան հետ։ Զ.օ. Աւետարաններու պարագային՝ Աւետարանիչի պատկերացումը եւ ապա պատմողական դրուագներ Ս. Աւետարաններէն։ Անոնք կը գրաւեն կամ ամբողջական էջ մը, եւ կամ լուսանցքի վրայ զետեղուած են։ Բացի գեղազարդ սկզբնատառերէ, ստէպ պատկերացուած են բոյսեր, անասուններ՝ յատկապէս թռչուններ, սողուններ, վիշապներ եւն. իբր զարդարանք կամ լուսանցագիծ։
Աւետարաններու ձեռագիրներուն մէջ կը հանդիպինք ''խորաններու''։ Խորանները չորս Աւետարաններու համաձայնեցման կամ զուգահեռներու տախտակներ կամ ցանկերն են։ Խորանները Դ. դարուն Եւսեբիոս Կեսարացիէն պատրաստած են։
Ձեռագիրները մեծ մասամբ արտադրուած են վանքերու կամ վանական դպրոցներու կամ համալիրներու մէջ։
Ժ. դարէն սկսեալ մանրանկարչութիւնը մեծաքայլ զարգացաւ։ Մեծ դպրոցներ յառաջ եկան, որոնց մասին առանձին չենք կրնար անդրադառնալ։ Յիշենք միայն անուններ ինչպէս՝ Տաթեւի, Գլաձորի, Նախիջեւանի, Արցախի, Վասպուրականի դպրոցները։
Նոյնպէս այս հաղորդաշարի սահմաններուն մէջ չենք կրնար բովանդակել մանրանկարիչներու անունները։
Լոկ գաղափար մը կազմելու համար, հոս մէջբերենք նկարագրութիւն մը, որ Լեւոն Խաչերեան կու տայ Թորոս Ռոսլինի մասին՝
''Թորոս Ռոսլինի գեղագիտական համբաւը իր գրաւչականութեամբ նուաճում է նաեւ պալատական ճաշակը։ Նրա ստեղծագործութիւնները, առանց բացառութեան, բոլորն էլ արքունական եւ հայրապետական պատուէրներ են եղել։'' Ապա արուեստաբան Լեւոն Ազարեան հետեւեալ նկարագրութիւնը կու տայ՝ ''Ռոսլինի ստեղծագործութեան հիմնական առանձնայատկութիւններից է խոր դրամատիզմն ու այն հանդիսաւոր վեհաշուք պաթոսը, որոնցով յագեցուցած են Քրիստոսի կեանքը ներկայացնող տէրունական պատկերները։ Ռոսլինի կատարած մանրանկարների հիմնական նորգործուն ուժը ներքին լարուածութեան, հերոսների հոգեբանական ապրումների վերարտադրման մէջ է։ Պատկերուողների մռայլ, ստուար դէմքերը յագեցուած են խոր դրամատիզմով, որ յաճախ հասնում է արտակարգ արտայատչականութեան։ Հիմնական շեշտը դնելով դէմքերի արտայայտութեան վրայ, մանրանկարիչը իր հերոսներին պատկերում է համեմատաբար հանգիստ դիրքով։ Նրանց շարժումները դինամիկ չեն, բայց բնական եւ արտայայտիչ են հենց այդ սաստիկ վիճակում։ Անշարժ թուացող ֆիգուրներում զգացւում է ինչ-որ խստաբարոյ հանդիսաւորութիւն եւ փոխադարձ ներքին տրամաբանական շաղկապուածութիւն։ Այս ամէնը օգնում են Ռոսլինին հասնելու հոգեբանական բարձր արտայայտչականութեան։''
Ահաւասիկ օրինակ մը ինչպէս մասնագէտ մը կը դիտէ մանրանկար մը։ Մասնագէտի մը աչքէն չեն վրիպիր գոյնի, ոճի, դպրոցի տարբերութիւնները, առանձնայատկութիւնները, նկարագիրն ու ոգին։







All the contents on this site are copyrighted ©.