2014-11-27 09:26:35

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր գոհացումը կը յայտնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սդրազպուրկ այցելութեան համար:


(Ռ.Վ. ) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը (երեքշաբթի 25 Նոյեմբեր 2014) Սդրազպուրկ` աթոռը Եւրոպայի Ազգային Ժողովին ու Խորհուրդին մեծ արժէք ունեցաւ յաչս Եւրոպայի բոլոր բնակիչներուն, յայտարարած է կարդինալ Փիդէր Էրտօ նախագահը Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդին։ Կարդինալ Էրտօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսած է. ''երախտապարտ ենք Սրբազան Հօր, յոյժ կարեւոր ճառին համար'' ու ընդգծած թէ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը պատրաստ է սերտօրէն գործակցելու Եւրոպայի Միութեան հետ եւ իր նպաստը բերելու Եւրոպայի բնակիչներուն բարօրութեան ի խնդիր։
Սրբազան Քահանայապետին շօշափած նիւթերը այժմէական են ու հարստացուցիչ եւ կը ցոլացնեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն ու մօտիկութիւնը հանդէպ անհատներուն ու ընտանիքներուն։ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կը փափաքի լրջութեամբ սերտել Սրբազան Քահանայապետին կոչը եւ հրաւէր կ՛ուղղէ Եւրոպայի բոլոր հաստատութիւններուն նոյն լրջութեամբ նկատի առնելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին միջամտութիւնը Եւրոպայի բնակիչներուն ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.