Ամերիկահայ 13-ամեայ ճատրակի վարպետ Սամուէլ Սեւեան հանդիսացաւ Սէյնթ Լուիսի ճատրակի
մրցաշարքի ախոյեանը՝ մրցանքի նախավերջին հանգրուանին ապահովելով անյաղթահարելի արդիւնք
մը։ Արդարեւ, ան 8 խաղերու ընթացքին ապահոված էր 7 կէտ ու 2 կէտերով առաւելութիւն արձանագրած՝
իր մրցակիցին նկատմամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը: Այս մրցաշարքի չորրորդ
հանգրուանին իսկ, Սամուէլ Սեւեանի անհատական վարկանիշը անցած էր 2500 կէտի սահմանը՝ վերջնականապէս
ի զօրու դարձնելով Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի այն որոշումը, թէ հայ պատանին
այսուհետեւ գերվարպետի տիտղոսին արժանի է։ Սեւեան այսպիսով հանդիսացած է Միացեալ Նահանգներու
պատմութեան մէջ ճատրակի ամենափոքր տարիքի գերվարպետը՝ այդ իրագործումին հասնելով 13 տարի,
10 ամիս ու 27 օրէն, ինչ որ Ռէյ Ռապսընի հաստատած նախորդ մրցանիշէն կանուխ է աւելի քան
մէկ տարիով։ Նշենք, որ աշխարհի տարածքին կան մօտաւորապէս 1450 ճատրակի գերվարպետներ։