2014-11-26 10:22:22

Թեհրանի մէջ Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ միջ-կրօնային 9-րդ զրոյց:


(Ռ.Վ. 26 նոյեմբեր 2014) 25 եւ 26 նոյեմբեր 2014-ին, Իրանի մայրաքաղաք` Թեհրանի մէջ, տեղի կ՛ունենայ 9-րդ միջ-կրօնային զրոյց՝ Իրանի միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնի եւ Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի միջեւ։
Զրոյցի կեդրոնական նիւթն է ''Քրիստոնեաներն ու մահմետականները կառուցողական երկխօսութեան մէջ՝ ընկերութեան բարիքին ի նպաստ''։
Զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան նաեւ հետեւեալ նիւթերը.
- Հոգեւորականութիւն. բնոյթը, դերակատարութիւնը եւ զարգացումի իմաստները։
- Կրօնային արժէքները` պատասխան ծայրայեղականութեան եւ բռնութեան։
- Լրատուական միջոցները, անոնց դերակատարութիւն երկխօսութեան մշակոյթի զարգացումին ի նպաստ։
Վերոյիշեալ միջ-կրօնական զրոյցին՝ Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը, ինչպէս նաեւ Միջազգային Քարիթասի կազմակերպութեան նախագահ` Տիար Միշէլ Ռոյը։ Այլ կաթողիկէ եկեղեցականներու շարքին էր նաեւ Իրանի Կաթողիկէ Հայոց թեմի առաջնորդ Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Նշան Գարաքէհէեանը։
Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ տեղի ունեցող զրոյցի բացման առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ Քահանայապետկան միջկրօնական երկխօսութեան խորդհուրդի նախագահը հաստատեց թէ ՝ ''Չենք կրնար լուռ եւ անտարբեր մնալ Իրաքի Եազտի Քրիստոնեաներու կրած տմարդկային եւ բազմատեսակ բռնութիւններուն ի տես։ Հալածուած քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը նախընտրեցին մահը քան իրենց հաւատքի ուռացումը։ Ուստի՝ բազմաթիւ նահատակներու զոհաբերումը պէտք չէ մոռացութեան մատնել։
Կարդինալ Թոռանը ապա ակնարկելով բովանդակ մարդկութեան ակնկալիքներուն` Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ տեղի ունեցող զրոյցէն ըսաւ` ''Քրիստոնեաներն ու մահմետականները եւ համայն մարդկութիւնը կարիքը ունին առարկայական եւ առատաձեռն պտղաբեր արդիւնքին''։ Ան ապա հաստատեց թէ '' հրամայական է .սոյն հանդիպումը յանգի պտղաբեր արդիւնքի'' համայն քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու ինչպէս նաեւ այլ կրօններու պատկանողներու ու նոյնիսկ անհաւատացեալներուն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.