2014-11-25 15:51:59

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը Եւրոպայի Խորհուրդի անդամներուն։


Այցելելով Եւրոպայի Խորհուրդի կեդրոնատեղին` Նորին Սրբութիւնը ճառ մը ուղղեց եւրոպայի քաղաք ակն անձնաւորութիւններուն որուն մէջ ըսաւ`

(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Եւրոպայի Խորհուրդի Հիմնադիր Հայրերու ծրագիրը պատասխան մըն էր միութեան ձգտումին, որ արդէն հնուց այս ցամաքամասին կեանք կու տար։ Սակայն դարերու ընթացքին բազմիցս ինքնուրոյն մղումներ գերակշռած են, որոնց արդիւնքը եղած է գերիշխանութեան տենչը։
Սրբազան Հայրը յիշեց համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւերները եւ անոր հետեւանքով կատարուած ցամաքամասի բաժանումը։ Ապա ըսաւ՝ Հիմնադիր Հայրերու ծրագիրն էր՝ վերակազմել Եւրոպան փոխադարձ ծառայութեան հոգիով։ Այս ծրագիրը պէտք է կազմէ Եւրոխորհուրդի առաքելութեան հիմը՝ ի նպաստ խաղաղութեան, ազատութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։
Խաղաղութեան նախընտրեալ ճանապարհն է՝ ընկալել մարդ իբր եղբայր եւ ոչ պայքարիլ անոր դէմ իբր թշնամի։
Կառուցելու համար խաղաղութիւնը կարքը կայ զօրացնելու այն արարքները, որոնք ընկերութեան մէջ նոր ուժականութիւններ կը ստեղծեն եւ կը ներգրաւեն նոր անձեր եւ խմբակցութիւններ։ Ասոնք իրենց կարգին կը զարգացնեն Եւրոպան եւ կը բերեն հարկաւոր արգասիք պատմական կարեւոր իրադարձութիւններու մէջ։
Միասնականութեան հոգիով պէտք է ընթանալ, ոչ միայն մերժելով պատերազմները։ Չի բաւեր պարտադրուած խաղաղութիւնը կամ ժամանակաւոր խաղաղութիւն մը։ Պէտք է պահպանել խաղաղութիւն մը, որ ըլլայ ազատ, եղբայրական ոգիով եւ հիմնուած հաշտութեան վրայ, ինչպէս կ'ըսէր Պօղոս 6րդ Քահանայապետ։
Պէտք է հրահանգել խաղաղութիւնը կերտող եւ խաղաղութեան մէջ դաստարակիչ մշակոյթ մը, հեռանալով հակամարտութեան մշակոյթէն։ Եթէ մնանք հակամարտութեան իրաւիճակին մէջ կը կորսնցնենք իրականութեան միաւորման զգայնութիւնը, կ'արգելակենք պատմութիւնը եւ կ'իյնանք ներքին սպառումի մէջ։
Խաղաղութիւնը խոցելի է երկրագունդի շատ մը երկիրներուն մէջ, սակայն նաեւ Եւրոպայի մէջ, ուր լարուածութիւնները վերջ չեն գտներ։ Որքա'ն ցաւ եւ որքա'ն մահեր տակաւին այս ցամաքամասին մէջ, որ կը տենչայ խաղաղութեան, եւ սակայն դիւրաւ կը սայթաքի՝ ինչպէս ժամանակին։ Հետեւաբար պէտք է քաջալերել Եւրոխորհուրդի ճիգը՝ ներկայ ճգնաժամերուն համար քաղաքական լուծումներու փնտռտուքին մէջ։
Խաղաղութիւնը փորձութեան մէջ է նաեւ կրօնական եւ միջազգային ահաբեկչութեամբ, որ մարդկային կեանքը կ'արհամարհէ եւ կը պահանջէ անմեղ զոհեր։ Նաեւ սպառազինման ընթացքը մարդկութեան մեծագոյն չարիքներէն մէկն է եւ կը կործանէ չքաւորները անհանդուրժելի կերպով։ Խաղաղութիւնը վիրաւորուած է նաեւ մարդկային անհատներու վաճառքով, որ մեր ժամանակներու գերութեան նոր ձեւ մըն է. անհատը կը վերածէ վաճառքի եւ փոխանակման առարկայի՝ խլելով զոհերէն ամէն արժանապտուութիւն։
Խաղաղութիւնը լոկ պատերազմի բացակայութիւն չէ։ Քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է եւ մարդու ազատակամ արարքի պտուղը որ կը նպատակադրէ հասարակաց բարիքը՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ։
Եւրոխորհուրդի գործունէութեան յատուկ ուշադրութիւնն է մարդկային իրաւունքներու ուժեղացումը. ասոր կը կապուի ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան զարգացումը։
Պարտականութիւն կը զգամ այստեղ յիշեցնել մարդկութեան մշակութային զարգացման եւրոպական պատասխանատուութիւններուն եւ նպաստին անհրաժեշտութիւնը։

Եւրոպան պէտք է գիտակցի նաեւ իր արմատներուն։ Արմատները կը սնին ճշմարտութեան մէջ։ Ճշմարտութիւնը իւրաքանչիւր ընկերութեան կենսունակ աւիշն է, որ կ'ուզէ իսկապէս ըլլալ ազատ, մարդկային եւ համերաշխ։ Ապա ճշմարտութիւնը կոչ կ'ուղղէ խղճին, որ կարող է ճանչնալ անձնական արժանապատուութիւնը եւ բացուիլ գերագոյնին եւ հասնիլ պատասխանատու ազատութեան։
Առանց ճշմարտութեան փնտռտուքի իւրաքանչիւրը կը վերածուի իր իսկ չափանիշին, իր ենթակայական գործելակերպը վերածելով իրաւունքներու չափանիշի։ Այսպէսով մարդկային իրաւունքի հասկացողութիւնը, որ ունի ընդհանրական արժէք, կը փոխարինուի անհատապաշտ իրաւունքի գաղափարախօսութեամբ։ Այս կը նպաստէ անտարբերութեան ընդհանրականացման։
Այսպիսի անհատապաշտութիւն մը մարդկօրէն կ'աղքատացնէ եւ մշակութօրէն ամուլ կը դարձնէ։ Անտարբերութեամբ վարուող անհատապաշտութենէն յառաջ կու գայ փարթամութեան պաշտամունքը, որ կը համապատասխանէ մսխումի այն մշակոյթին, որուն մէջ մխրճուած ենք։ Տէր ենք շատ ստուցուածքներու, բայց անկարող ենք կազմել մարդկային հարազատ յարաբերութիւններ։
Ահա այսօր մեր աչքին առջեւ ունինք վիրաւոր Եւրոպայի մը պատկերը, ոչ միայն պատմական այլ եւ ներկայի ճգնաժամերու պատճառով. Եւրոպա մը, որ չունի կարողութիւնը դիմագրաւելու հարցերը այն կենսունակութեամբ եւ ոյժով որ ունեցած է ժամանակին։
Եւրոպային հարց կու տամ՝ ու՞ր է քու կորովդ, ու՞ր է այն իտէալական ձգտումդ որ կեանքով լեցուցած եւ վսեմացուցած է քու պատմութիւնդ, ու՞ր է քու պրպտող ձեռներէցութեան հոգիդ, ու՞ր է քու ճշմարտութեան ծարաւդ, որ մինչեւ այսօր տուած ես աշխարհին մեծ խանդավառութեամբ։
Այս հարցումներու պատասխանէն կախեալ է ցամաքամասի ապագան։
Եւրոխորհուրդը իր հաստատութիւններով ունի առաջնահերթ կարեւորութեան դեր մը։
Կը մտածեմ յատկապէս Մարդկային Իրաւանց Եւրոպայի Ատեանի դերի մասին։ Ան որոշ կերպով կը կազմէ եւրոպայի խիղճը մարդկային իրաւանց նկատմամբ։ Մաղթանքս է, որ այս խիղճը միշտ աւելի հասունանայ, ոչ միայն անդամներու միջեւ եղած համաձայնութեամբ, այլ իբր պտուղ ձգտումներու դէպի խոր արմատները, որոնք կը կազմեն հիմերը, որոնց վրայ որոշեցին կառուցանել ներկայ Եւրոպայի Հիմնադիր Հայրերը։
Արմատներուն հետ միասին, կան ցամաքամասի ներկայ մարտահրաւէրները, որոնք ստիպողական կը դարձնեն շարունակական ստեղծագործական հոգին։ Կ'ուզեմ յիշել երկու մարտահրաւէրներ՝ բազմաբեւեռականութիւն եւ բազմազանութեան համադրում։
Եւրոպայի պատմութիւնը ունի փորձառութիւնը երկբեւեռ կամ եռաբեւեր իրականութեան. յիշենք հին ''Հռոմ-Բիւզանդիոն-Մոսկուա'' ըմբռնողութիւնը։ Այսօր արդարացիօրէն կրնանք խօսիլ բազմաբեւեռ Եւրոպայի մասին։ Եւրոպան այսօր կը դիմագրաւէ համաշխարհականացումի մարտահրաւէրը։ Լարուածութիւններ որոնք երեւան կու գան բազմաթիւ մշակութային, կրօնական եւ քաղաքական բեւեռներու միջեւ։
Համաշխարհականացնել նախնական իմաստով՝ այսինքն բազմաբեւեռականացումով կը ներփակէ շինիչ ներդաշնակութեան մարտահրաւէրը, ազատ՝ միաբեւեռ գերիշխանութենէ, որ կը կործանէ ժողովուրդներու մշակութային եւ կրօնական ինքնատիպ նկարագիրը։
Եւրոպայի բազմաբեւեռականութեան համաշխարհականացման պարտականութիւնը չէ կարելի մտածել մթնոլորտի մը մէջ, ուր ամէն ինչ նոյնանման եւ կարգաւորեալ է, նուազեցնելով իւրաքանչիւր կէտի հեռաւորութիւնը կենդրոնէն, այլ մանաւանդ՝ կը նմանի բազմանկիւն, բազմամակերես կառոցի մը, ուր բոլորին ներդաշնակ միութիւնը կը պահպանէ իւրաքանչիւր անդամի ինքնորոյն դիմագիծը։ Այսօր Եւրոպան բազմաբեւեռ է իր յարաբերութիւններուն եւ ձգտումներուն մէջ։ Չէ կարելի Մտածել Եւրոպան եւ ոչ ալ կերտել զայն առանց հիմնականօրէն ընդունելու այս բազմաբեւեռ իրականութիւնը։
Միւս մարտահրաւէրը որ կ'ուզեմ յիշել՝ բազմազանութեան համադրումն է։
Եթէ կ'ուզենք այսօր ցամաքամասը բնորոշել, պէտք է խօսինք Եւրոպայի մը մասին, որ երկխօսութեան մէջ է, որ ունի կարծիքներու եւ գաղափարներու բազմազանութեան համադրում, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու հանդէպ ցուցաբերած ծառայութիւն, համերաշխ միջավայրի մէջ։
Այսօրուան Եւրոպային երկխօսութիւնը քաղաքական մարզի վրայ՝ ամուլ է, ներփակուած միայն քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային մարմիններու պատկանելիութեան ծիրէն ներս։
Պատմութիւնը այսօր կը պահանջէ կարողականութիւնը դուրս գալու այն կառոյցներէն, որոնք կը պարփակեն որոշ ինքնութիւն մը՝ որպէսզի աւելի ուժեղ եւ պտղաբեր դարձնենք բազմազանութեան համադրումի եղբայրական փոխանակումը։ Եթէ երկխօսութիւնը ներփակուի նոյն պատկանելիութեան խմբակցութիւններու մէջ միայն, այն ժամանակ կը մնայ ճանապարհի կէսին։ Կարիքը կայ երիտասարդական ոգիի, որ կ'ընդունի բազմակողմանիութեան համադրումի մարտահրաւէրը։
Հարկաւոր է, որ Եւրոխորհուրդը ներդրում կատարէ միջմշակութային երկխօսութեան մէջ, ներառելով անոր կրօնական տարածքը։ Այսպիսի հանդիպումներ յատկապէս անհրաժեշտ կը նկատուին ներկայ բազմամշակոյթ, բազմաբեւեռ մթնոլորտին մէջ։
Այս տրամաբանութեամբ է որ քրիստոնէութիւնը իր բաժինը կը բերէ եւրոպական մշակութային եւ ընկերային զարգացման՝ կրօնի եւ ընկերութեան մէջ գոյացած առողջ յարաբերութեան մը միջավայրին մէջ։ Քրիստոնէական գաղափարախօսութեան մէջ բանականութիւն եւ հաւատք, կրօնք եւ ընկերութիւն կոչուած են իրար լուսաւորել փոխադարձաբար, իրարու նեցուկ կանգնելով, եւ փոխադարձաբար զիրար մաքրագործելով ծայրահեղական գաղափարախօսութիւններէ։ Եւրոպայի ամբողջ ընկերութիւնը օգուտ պիտի քաղէ պայքարելով կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ, որ կը թշնամանէ զԱստուած եւ առաջքը առնել նեղմիտ բանականութեան մը, որ չի համապասխաներ մարդուն արժանապատուութեան։
Բազմաթիւ եւ այժմէական են այն նիւթերը, ուր կաթողիկէ Եկեղեցին կրնայ Ձեզի փոխադարձ հարստացում պատճառել։ Յատկապէս Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդը կրնայ համագործակցիլ Եւրոխորհուրդի հետ եւ կրնայ հիմնական ներդրումներ կատարել։
Նոյնպէս բազմաթիւ են մարտահրաւէրները՝ յիշելով միայն գաղթականութեան հարցը, աշխատանքային խնդրի ծանր տագնապը։
Կը մաղթեմ, որ գոյանայ ընկերային եւ տնտեսական նորոգուած համագործակցութիւն մը, ազատ գաղափարախօսութիւններու պայմանաւորուածութենէ, որ կարենայ դէմ դնել համաշխարհականացուած երկրագունդի, կենսունակ պահելով զօրակցութեան եւ փոխադարձ սիրոյ հոգեվիճակը։
Սրբազան Քահանայապետը անդրադառձաւ Եւրոպայի տուած բազմաթիւ սուրբերուն, որոնք ցամաքամասի զարգացման մէջ մեծ ներդրումներ ունեցած են։ Յիշեց այն անձնաւորութիւնները որոնք վերջին սրբադասման խորաններու պատուին արժանացան։ Անոնք իրենց կեանքը նուիրած են չքաւորին եւ կարիքաւորին։ Այսօր չքաւորները միայն հացի կարիքը չունին, այլ նաեւ կեանքի արժէքի վերականգնումի, որ երբեմն մոռացութեան կը տրուի աղքատութեան մէջ, եւ նաեւ վերագտնել այն արժանապատուութիւնը, որ կու գայ աշխատանքային իրաւունքէն։
Վերջապէս՝ Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց զանազան մարզերու մէջ համագործակցութան անհրաժեշտութեան վրայ։ Ապա անդրադառնալով երկրագուդի բարիքներուն ըսաւ՝ Աստուած երկրագունդը դրած է մեր տրամադրութեան տակ իբր առատ աղբիւր, ոչ թէ կողոպտելու կամ չարաշահելու համար, այլ վայելելու անոր անչափ գեղեցկութիւնը եւ կարենալ ապրելու համար արժանապատուութեամբ։
Եկեղեցին՝ ի նմանութիւն Յիսուսի՝ հակառակ իր զաւակներու մեղքերուն, ուրիշ բան չի փնտռեր բացի ծառայելէ եւ ճշմարտութեան վկայութիւն տալէ։
Ս. Աթոռը նպատակ ունի համագործակցելու Եւրոխորհուրդի հետ, որ այսօր ունի կատարելիք հիմնական դեր մը՝ կազմաւորելու եւրոպացի ապագայ սերունդներու մտայնութիւնը։
Մաղթանքս է, որ Եւրոպան՝ վերագտնելով իր պատմական ժառանգութիւնը եւ իր արմատներու խորքը, յանձնառելով իր կենսունակ բազմաբեւեռականութիւնը եւ բազմազանութեան համադրումը երկխօսութեան միջոցաւ, վերագտնէ հոգիի երիտասարդութիւնը որ զինք կերտած է պտղաբեր եւ վսեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.