2014-11-25 10:13:05

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Սդրազպուրկ։


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, առաւօտեան կանուխ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Հռոմի ''Ֆիումիչինօ'' միջազգային օդակայանէն՝ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սդրասպուրկ, այցելելու համար Եւրոպայի խորհրդարանի քաղաքական կառոյցները։ Երկու ժամ տեւող թռիչքէ ետք, տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 10-ին, Նորին Սրբութիւնը հասաւ Սդրազպուրկի միջազգային օդակայան, ուր զինք դիմաւորեցին, Ֆրանսայի Պետական քարտուղար եւ Եւրոպայի արտաքին գործոց նախարար` տիար Հարլէմ Տէզիրէ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական ներկայացուցիչներ եւ Ֆրանսայի առաքելական նուիրակն ու այլ եկեղեցական անձնաւորութիւններ։
Սրբազան Հայրը ապա ուղղուեցաւ Եւրոխորհրդարան ուր` Եւրոխորհրդարանի մօտ գտնուող հրապարակի վրայ, զինք կը սպասէին բազմաթիւ եւրոխորհրդարանի պաշտօնեաները իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։
Ֆրանչիկսկոս Քահանայապետը դիմաւորեց Եւրո-խորդհրդարանի նախագահ` Տիար Մարթին Շուլցը ու ապա միասնաբար ուղղուեցան Եւրոխորհրդարանի պաշտօնական դահլիճ ուր տեղի ունեցան պատուիրակութիւններու պաշտօնական ներկայացում որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց ոսկիէ մատեանը եւ հակիրճ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Շուլցին հետ։ Հանդիպումին աւարտին Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ եւրոխորհուրդի լիանիստ գումարին որ սկիզբ առաւ նախագահ Շուլցի բարի գալուտի պատգամով` ու ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն յղեց իր պատգամը։







All the contents on this site are copyrighted ©.