2014-11-22 13:48:10

Ոչ եւս է քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդի երբեմնի նախագահ` Կարդինալ Ֆիորէնցօ Անճէլինին ։


(Ռ.Վ. 22 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, 22 նոյեմբերին, առաւօտեան կանուխ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք`Հռոմի մէջ իր մահկանացուն կնքեց 98 ամեայ, Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդին երբեմնի նախագահ` Կարդինալ Ֆիորէնցօ Անճէլինին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 22 նոյեմբերի առաւօտեան, վերոյիշեալ խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած համագումարի մասնակիցներուն հետ հանդիպումի ընթացքին, յատուկէն յիշեց ննջեցեալ Կարդինալը, ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն հոգւոյն հանգստեան համար։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի` 24 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.