2014-11-22 10:45:40

Կիրակի օրուայ Աւետարանական ընթերցում Ղուկ 12, 13-31


13 Բազմութեան մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս` որ ինծի հետ բաժնէ [մեզի ինկած] ժառանգութիւնը»:
14 Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ նշանակեց զիս իրաւարար կամ բաժնող` ձեր վրայ»:
15 Ապա ըսաւ անոնց. «Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. որովհետեւ մէկուն ստացուածքներուն առատութենէն [կախուած] չէ իր կեանքը»:
16 Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց` ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը տուին առատ բերքեր,
17 եւ ան կը մտածէր ինքնիրեն` ըսելով. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տեղ չունիմ` ուր բերքերս ժողվեմ”: Եւ ըսաւ.
18 “Սա՛ պիտի ընեմ. պիտի քանդեմ ամբարներս, պիտի կառուցանեմ աւելի՛ մեծերը, հոն պիտի ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս,
19 եւ պիտի ըսեմ անձիս. «[Ո՛վ իմ] անձս, շատ բարիքներ ունիս` *դիզուած շատ տարիներու համար. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ [եւ] զուարճացի՛ր»”:
20 Բայց Աստուած ըսաւ անոր. “Անմի՛տ, այս գիշեր անձդ պիտի պահանջուի քեզմէ. ուստի որո՞ւ պիտի ըլլան այդ պատրաստած բաներդ”:
21 Այսպէս է ան` որ գանձ կը դիզէ ինքնիրեն համար, բայց չի հարստանար Աստուծոյ մօտ»:
22 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին համար` թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար` թէ ի՛նչ պիտի հագնիք.
23 [որովհետեւ] անձը կերակուրէն աւելի է, ու մարմինը` հագուստէն:
24 Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած կը կերակրէ զանոնք. դուք ո՜րչափ աւելի կ'արժէք թռչուններէն:
25 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ մտահոգուելով կանգո՛ւն մը աւելցնել հասակին վրայ:
26 Հապա եթէ չէք կրնար ամենափոքր բանը [փոխել], ինչո՞ւ կը մտահոգուիք ուրիշ բաներու համար:
27 Դիտեցէ՛ք շուշանները, [թէ] ի՛նչպէս կ'աճին: Ո՛չ կ'աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սողոմոն ալ` իր ամբողջ փառաւորութեան մէջ` չհագուեցաւ անոնցմէ մէկուն պէս:
28 Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի նետուի, Աստուած ա՛յդպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձե՛զ, թերահաւատնե՛ր:
29 Ա՛լ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՛նչ պիտի ուտէք եւ ի՛նչ պիտի խմէք, ու մի՛ շփոթիք.
30 որովհետեւ աշխարհի ազգե՛րը կը փնտռեն այդ բոլոր բաները, եւ ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք պէտք են ձեզի:
31 Հապա դուք խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնը, ու այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի”»:







All the contents on this site are copyrighted ©.