2014-11-21 09:38:59

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը ուղղուած Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարի մասնակիցներուն։


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014) 18- 21 նոյեմբեր 2014, Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդը Հռոմի մէջ գումարած է իր լիասնիտ հաւաքը, որպէս նիւթ ունենալով` ''Համամիութենական կէտ նպատակը` սկզբունքներ, կարելիութիւններ եւ մարտահրաւէրներ ''Unitatis Redintegratio'' վճիռի յիսուն ամեակի առթիւ'' ։
Հինգշաբթի, 20 նոյեմբերի յետմիջօրէին ժամը 16-ին. Տոմուս Սանթա մարթայի մէջ ընդունելով` Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարի մասնակիցները, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց յնձնած իր ճառին մէջ վերյիշեց` 21 նոյեմբեր 1964-ին
վաւերացուած ''Lumen Gentium'' սահմանադրութիւնը,եւ ''Orientalium Ecclesiarum'' վճիռը ''որոնք ''Unitatis Redintegratio'' վճիռի հետ միասին կը ներկայացնեն կաթողիկէ եկեղեցւոյ եկեղեցաբանութեան տեսութիւնը, Վատիկնաեան Տիեզերական Բ ժողովի լոյսին տակ'', ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով տարիներու ընթացքին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերաբերմունքի բարեփոխութեան` հանդէպ միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական հասարակութիւններուն։ Մտայնութեան յեղաշրջում մը, իրականացած ''Unitatis Redintegratio'' վճիռի շնորհիւ եւ անորմէ յառաջացած համամիութենական գործունէութեան որ միշտ աւելիով պէտք է ներթափանցէ Թեմերու Հովուական գործունէութեան եւ եկեղեցական կառոյցներուն մէջ - հաստատեց Քահանայապետը յանձնարարելով ` ''Բոլոր հաւատացեալներուն մէջ կենդանի պահել յանձնառումը որ կը բխի Յիսուսի կամքէն, զոր արտայայտուած է իր Հօր ուղղած աղօթքին մէջ չարչարանքներու նախօրեակին ''Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' (Յովհ 17,21)։
Այս յոբելեանը մեզ կը հրաւիրէ փառք մատուցելու առ Աստուած այս կէս դարուն ընթացքին մեզի պարգեւած շնորհքներուն համար, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, դրուատելով եկեղեցիներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։
Մինչ գոհութիւն կը մատուցանենք Տիրոջ – ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը – պէտք է ընդունինք որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումները կը գոյատեւեն սակայն չենք կրնար յուսալքուիլ այլ պէտք է յարատեւենք Աստուծոյ վրայ մեր վստահութեամբ որ Քրիստոնեաներու սրտին մէջ կը դնէ սիրոյ եւ միութեան սերմը, որպէսզի աւելի մեծ ձգտումով դիմագրաւուին համամիութենական ներկայի մարտահրաւէրները` մշակելով հոգեւոր համամիութիւն, եւ արժէքաւորելով արեան համամիութիւնը, միասին քալելու համար Աւետարանի ուղիով։
Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ Հոգեւոր համամիութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի ''Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթուայ'' ընթացքին, մինչ արեան համամիութիւնը կը կայանայ Քրիստոնեայ զանազան Եկեղեցիներու եւ հասարակութիւններու` Քրիստոսի մասին տուած վկայութեան, մինչեւ կեանքի զոհաբերում։ Անոնք որոնք կը հալածեն Քրիստոսը ու անոր հաւատացեալները չեն նայիր դաւանանքներու տարբերութեան` այլ կը հալածեն պարզապէս Քրիստոնեաները։
Այս ամիսներուն ընթացքին, հանդիպելով ոչ կաթողիկէ զանազան քրիստոնեաներուն, նկատեցի թէ հակառակ բոլոր բաց մնացած հարցերուն, զօրեղ եւ տարածուած իղձ մը կայ միասին ընթանալու, աղօթելու, ճանչնալու եւ սիրելու Տէրը, ու համագործակցելու տկարներու եւ տառապողներու ծառայութեան եւ զօրակցութեան ի սպաս, յայտնեց Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ ''Միութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւն, եւ թէ բոլորս կանչուած ենք այս ուղղութեամբ համագործակցելու։
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն զանոնք յանձնելով Աստուածամօր հովանիին ու խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.