2014-11-21 12:54:53

Քաղդէացիներու Պատրիարքին կոչը մահմետական եղբայրներուն ու քոյրերուն։


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014) 20 նոյեմբերին, Վիէննայի մէջ, վերջ գտաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր` Ապտուլլա Ապտէլազիզի կամքով գումարուած Միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային Արաբական երկօրեայ վեհաժողովը ։
Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 200 մահմետական եւ քրիստոնէական աշխարհէն անձնաւորութիւններ, խոկալու եւ անդրադառնալու համար կրօնի անունով տեղի ունեցած բռնութիւններու մասին։
Այս առթիւ, Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Ռաֆայել Լուիս Սաքօ, աշխարհի մահմետական եղբայրներուն եւ քոյրերուն յղած է նամակ մը որուն մէջ զարմանք յայտնած է ծայրայեղական մահմետականներու գործողութիւններու դատապարտումի թերագնահատումին ի տես, եւ կոչ ուղղած է այս առնչութեամբ դիրքի փոփոխութիւն կատարելու եւ հրաւիրած է մահմետական պատասխանատուութեան հոգի ունենալու եւ պատշաճ լուծումներ գտնելու, արեւելքի մէջ կատարուած ողբերգութիւններուն։
Քաղդէացիներու Պատրիարքը իր նամակին մէջ զգուշացուցած է չակնկալելու արտաքին աշխարհէն համապատասխան լուծումներ։
Ան ապա յայտնած է թէ 20-րդ դարու Նացիական եւ այլ մահաբեր բարոյական գաղափարախօսութիւններու շարքին, մահմետական ահաբեկչական խմբաւորումները եւս կը շարունակեն բարբարոսական ոճրագործութիւններ կատարել` յանուն մահմետական կրօնին։










All the contents on this site are copyrighted ©.