2014-11-21 12:38:30

Տօն Ընծայման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի


Ժամանակագրական կարգով՝ Մարիամի ընծայումը երրո՛րդ տօնն է, անոր Անարատ Յղութեան և Ծննդեան տօներէն ետք: Հակառակ այս սուրբ ընծայումի դէպքին լուսաւոր խորհուրդին, առաջին դարերուն, ո՛չ Արեւելքի և ո՛չ ալ Արեւմուտքի մէջ Եկեղեցին այդ մասին չէր հաստատած ծիսական տօնը: Զարմանալի է նաեւ Աւետարանի լռութիւնը Մարիամի Ընծայումի մասին:

Մարիամի Ընծայումին տօնին ծագումը Երուսաղէմեան է: Մարիամի ընծայումը երրորդ տօնն է Ամէնօրհնեալ Կոյս Մարիամին, Աստուծմէ սահմանուած Աստուածամայրութեան: Արդ եթէ Յղութիւնն Կոյսի անթառամ ծաղիկ էր, ամենեւի՛ն գեղեցիկ և անարատ ծնունդը որպէս պտուղ սքանչելի, հաճելի իր Արարչին աչքերուն: Ապա Ընծայումը անձնուէր է ստուգապէս: Ինչ որ աւելի ցանկալի է և գերագոյն և հրաշալի, Ընծայումն Մարիամ Կոյսին, Աստուծմէ՝ Աստուծոյ, իբր արժանաւոր աստուածամայրութեան. Հօր Միածինէն՝ Հօր, համակամ հաճութեամբ Ս. Հոգիին, հաշտեցնելու համար Աստուած մարդկային ցեղին հետ: Այս յառաջդիմութիւնը կատարեալ էր որ կը բարձրացնէր Կոյսը գերագոյն աստիճանի վրայ, աւելի վեր՝ քան մարդկային ամէն գաղափարէ և խորհուրդէ, որովհետեւ եթէ ողորմութիւնն ինչքերով կը համարուի փոխ տալ Աստուծոյ և արժանի է բազմապատիկ հատուցումի, ուրեմն ան որ իր անձը փոխ կու տայ Աստուծոյ, իբրեւ ընծայ արդար, պիտի ընդունի նոյնինք Աստուած: Եւ այսպէս եղաւ միայն Մարիամ, ասոր համար ան եղաւ վերընկալ աստուծային խօսքին, այսինքն ո՛չ միայն աստուածընկալ, այլ նաեւ Աստուածածին:
Անդրէաս Կրետացիէն 7-րդ դարէն մեզի հասած է Աստուածածնի Ընծայման մասին երեք ճառեր, հասած է նաեւ ճառ մը 8-րդ դարէն, Ս. Գերմանոս Կ.Պոլսէցիէն, Մարիամի մուտքին մասին ի Տաճար: Արեւելեան կարգ մը եկեղեցիներու համար, Աստուածամօր ընծայումը մէկն էր է հանդիսաւոր տօներէն, տրուած ճառերն խորհրդածութիւններու իբր ներշնջարան ունին Յակոբոսի նախաւետարանն:








All the contents on this site are copyrighted ©.