2014-11-21 11:21:59

Գերապայծառ Թոմազի ափսոսանք յայտնեց ի տես մարդկային արժանապատուութեան ժխտումին։


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014) ''Ժիհատիստներու կողմէ գործադրուած արարքները անոնց հանդէպ որոնք չեն բաժնեկցիր ժիհատական իսլամութեան նոր ըմբռնումը, ցոյց կու տայ թէ որքանով մարդկային արժանապատուութիւնը կը շարունակուի ոտնակոխ ըլլալ'' հաստատած է գերապայծառ Սիվանօ Թոմազի` Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան մասին Վատիկանի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային խորհրդաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտը անդրադարձած է նաեւ պատմութեան հոլովոյթին տեղի ունեցած նմանատիպ արարքներուն, ինչպէս համայնավար կամ նացիական բռնատիրութիւններու ընթացքին երբ մարդիկ հարստահարուեցան, նուաստացումի եւ ոչնչացումի ենթարկուեցան։ Գերապայծառ Թոմազի ափսոսանք յայտնած է ի տես մարդկային արժանապատուութեան շարունակական ժխտումին բացայայտելով թէ գաղթականները սպառնալիք մը չեն այլ հարստացուցիչ տարր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.