2014-11-21 10:14:14

Արեւելեան Ուքրանիոյ բախումները օրական 13 զոհ կը խլեն. ՄԱԿ


ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, ՄԱԿի մարդկային իրաւանց յանձնակատարի Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Ճիանիի Մակազենի յայտարարեց, թէ հակառակ ամիս մը առաջ հռչակուած զինադադարին, արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներուն եւ Ուքրանիոյ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները կը շարունակուին՝ օրական միջին հաշուով 13 զոհ խլելով։
Ըստ ՄԱԿին համար պատրաստուած տեղեկագիրի մը՝ Ապրիլին սկսած բախումները առնուազն 4317 զոհ խլած են եւ տեղահանած են 466,830 քաղաքացի։








All the contents on this site are copyrighted ©.