2014-11-20 12:59:02

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Գրչութեան արուեստը ունի հին պատմութիւն։ Ծանօթ են մեզի ժայռապատկերներ, վիմագրական յուշարձաններ, կաւեղէն, քարեղէն կամ փայտեղէն տախտակներու արձանագրութիւններ։ Այսպէս՝ մարդկութիւնը միշտ զանազան նիւթերու վրայ թողած է առօրեայ ընկերային համակարգի պատկերը, ընկերային կապերու եւ գոծունէութեան ու գործառնութիւններու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս մտքի եւ հոգիի յղացումները։
Հին գրչութենէն ամենէն աւելի ծանօթ են մեզի պապիրոսը, մագաղաթը եւ աւելի նոր շրջանին՝ թուղթը։
Պապիրոսը, որ յատկապէս Եգիպտոսէն կու գար, բուսական արտադրանք էր։ Փիւնիկեցիները կը տարածէին պապիրոսի արտադրանքը զանազան երկիրներ։ Փիւնիկեան առեւտուրի կենդրոնը այսօրուան Պէյրութն էր՝ հին անունով Պիպլոս։ Այս անունէն յառաջ եկած են եւրոպական լեզուներու մէջ ''Biblia, Bible, Bibbia'' Աստուածաշունչի անուանումները։
Մագաղաթը անասուններու մորթէ պատրաստուած գրչութեան նիւթ է. յատկապէս ուլի, այծի կամ հորթի մորթ։ Մագաղաթի գործածութիւնը աւելի ընդհանրացաւ, որովհետեւ պապիրոսը չունէր մագաղաթի տոկունութիւնը եւ շուտով կրնար փճանալ։ Առաւել՝ կարելիութիւնը կար սրբելու մագաղաթի վրայ եղած գրութիւնը՝ գործածելու համար զայն նոր գրութեան համար. այսպիսի ձեռագիրներ կանուանենք ''կրկնագիր''։ Հոս չենք կրնար նշել մագաղաթի բոլոր առաւելութիւնները։
Մագաղաթեայ գրքերու պատրաստութիւնը անշուշտ կը կարօտէր շատ աւելի ժամանակի եւ կը պահանջէր աւելի մեծ աշխատանք։ Ստուար գրքեր կրնային մինչեւ քանի մը հարիւր անասունի մորթին կարիքն ունենալ։ Զ.օ. ''Մշոյ Ճառընտիրը'', որ կը կշռէ 28 քիլոկրամ, ունի 601 թերթ։ Իւրաքանչիւր թերթը կազմուած է մէկ հորթի մորթէ։
Այս չափերով ձեռագիրներ անշուշտ հազուադէպ էին, որովհետեւ անոնց հետ կապուած էին նաեւ յիշեալ աշխատանքներէն բացի՝ մեծ ծախսեր։ Այլ եւ մեծ աշխատանք՝ հայթայթելու համար բոլոր պէտք եղած նիւթերը՝ ոչ միայն մագաղաթը, այլ եւ թանաքն ու ներկերը։
Թուղթը, ըլլալով աւելի սակաւածախս եւ դիւրութեամբ արտադրելի կը սկսի գործածուիլ աւելի ստէպ։
Թուղթն ալ իր կարգին ունեցած է բացասական կողմեր։ Կան թուղթի տեսակներ, որոնք դիւրութեամբ կը քայքայուին, եւ կամ թանաքի մէջ եղած երկաթի բարձր բաղադրութեան պատճառով կը վնասուին, երբեմն դառնալով անընթեռնելի։
Թանաքի կամ մելանի համար գորածուած են զանազան նիւթեր. յատկապէս մուր, խեժ եւ այլ նիւթեր, ինչպէս՝ եւ երկաթ։
Իսկ մանրանկարչութեան ներկերու պատրաստութեան համար գործածուած են բուսական եւ հանքային նիւթեր։ Այս նիւթերէն կազմուած են ջրաներկ կամ իւղաներկ, սոսնձաներկ կամ լաք։ Ըստ մանրանկարչութեան դպրոցի, տեսակի եւ պահանջքի, իսկ շատ մը պարագաներու ըստ տրամադրելիութեան՝ գործածուած են մէկ կամ միւս մանրանկարչութեան արուեստը։
Բարեբախտաբար այսօր մեզի հասած ձեռագիրները քննարկումի բաւակնին նիւթ կը հայթայթեն մեզի՝ կարենալ կազմելու գրչութեան եւ մանրանկարչութեան արուեստի զարգացման պատմականը եւ ներկայացնելու գրչութեան ու մանրանկարչութեան բազմաթիւ ուղղութիւններն ու դպրոցները։
Մանրանկարչութիւնը, որուն մասին առանձին պիտի անդրադառնանք, միայն զարդարուեստ չէ, այլ մանրանկարիչներու ժամանակակից մշակութային, ընկերային, պատմական եւ կրօնական հասկացողութիւններու եւ ըմբռնումներու ներկայացում։







All the contents on this site are copyrighted ©.