2014-11-19 14:00:33

Քասփրչիկ հայկական ուղղաթիռին հարցը պիտի քննարկէ Պաքուի մէջ


ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ կը խոստանայ հնարաւոր ամէն ինչ ընել` ատրպէյճանական կողմէն զգետնուած արցախեան ուղղաթիռիին առաւելագոյնս շուտ մօտենալու համար:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրեսէ, այս մասին Քասփրչիկ ըսած է “Արցախ TV”-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
Ան դրական կը գնահատէ շփման գիծին վրայ Նոյեմբեր 18-ին իրականացուած դիտարկումը` ընդգծելով, որ անսպասելի բարդութիւններ եւ կրակոցներ չեն եղած: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՛ւ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դիտարկում չ՛իրականացներ ուղղաթիռի ինկած վայրին մէջ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը բացատրած է. «Ինչպէս որեւէ դիտարկման պարագային, այս դիտարկման համար նախապէս յայտ ներկայացուած է զինուորականներուն:
“Անոնք կը նախապատրաստին դիտարկման, որու համար քանի մը օր կը պահանջուի: Այս դիտարկման յայտը մինչեւ ուղղաթիռի անկումը ներկայացուած էր: Այդ դէպքէն ետք, բնականաբար, ես ցանկացած դիտարկման կէտը փոխել, բայց ատրպէյճանական կողմի իմ աշխատակիցիս պատասխանը եղաւ այն, որ այդ տարածքին մէջ իրավիճակը լարուած է եւ հնարաւոր չէ անվտանգութեան երաշխիքներ տալ, որ մեր աշխատանքի համար անհրաժեշտ է”:
Քասփրչիկ աւելցուցած է նաեւ, որ ուղղաթիռին վերաբերեալ կը շարունակէ իր բանակցութիւնները: “Ես կը հասկնամ այդ մտահոգութիւնը, ասիկա անշուշտ հասկանալի է: Հնարաւոր ամէն ինչ կ՛ընեմ, որպէսզի շուտ կարենանք մօտենալ ուղղաթիռին”,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ հարցը այս շաբաթ պիտի քննարկէ Պաքուի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.