2014-11-19 09:00:22

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս
Պատրիարքը այցելեց Հայր Գոլվենպախին


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ երկուշաբթի, 17 նոյեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ուղեկցութեամբ տէր Ռաֆֆի Քահանայ Յովհաննէսեանի, այցելեց Յիսուսեան Միաբանութեան նախկին մեծաւոր հայր Գոլվենպախին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախկին մեծաւորին ներկայացուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի երկերուն Ֆրանսերէն թարգմանութեան նորատիպ հատորին մէկ օրինակը: Ապա տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում: Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց մեծ հոգեւորականին հայասիրութիւնն ու հայգիտութիւնը եւ անոր կատարած աշխատանքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.