Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը դատապարտած է Հրէական տաճարին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական
գործողութիւնը:
(Ռ.Վ. 19 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի 18 նոյեմբերին, Երուսաղեմի Հրէական
տաճարին դէմ պատահած ահաբեկչական գործողութիւններուն ի տես, որ պատճառած է չորս մեռեալներ,
Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք` Գերերջանիկ Ֆուատ Թուալը ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու
ընտանեկան պարագաներուն դատապարտելով Սուրբ երկրին մէջ արիւնահահոսութիւն պատճառող բոլոր
բռնութիւնները ։ ''Մեր եկեղեցիներու եւ վանքերուն մէջ անդադար կ՝աղօթենք որպէսզի
Տէրը օգնական դառնայ մեզի ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն, դիմելու
շիտակ ուղիներու ի սպաս համայն ժողովուրդի խաղաղութեան'' յայտնած է Պատրիարք Ֆուատ Թուալը,
Իտալական Ֆիտէս Լրատու գործակալութեան։ Լատիններու Պատրիարքը ընդգծած է նաեւ, թէ
այս պահուս Սուրբ Երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական բոլոր միջոցառումները չեն կրնար
լուծել ներկայի խնդիրները։ Անհրաժեշտ է հասկնալ այս իրողութեան պատճառ դարձած արմատները
- ըսած է Ան ընդգծելով թէ ''հարկաւոր է կասեցնել վրէժխնդրութեան հոգին, ապա թէ ոչ պիտի
շարունակենք ապրիլ ահի եւ սարսափի մէջ, զուրկ՝ ազատութենէն եւ արժանապատուութենէ։