2014-11-18 14:32:27

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 18 նոյեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 18 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, ժամը 12.30 –ին, Ֆրանչիսկոս ՔահանայապետըՊօղոս Զ. դահլիճին մէջ ընդունեց Սենեգալի հանրապետութեան նախագահ Տիար Մաքի Սալ եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Ապա՝ նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուաղար
Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիին հետ։
Հանիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկողմանի յարաբերութիւնները, Եկեղցւոյ նպաստը
դաստիարակչական , առողջապահական մարզէն ներս ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը երկրին խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ի նպաստ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու մասին, յատկապէս հայող շրջանի իրավիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.