2014-11-18 12:22:00

Քահանայապետական առողջապահական գործիչներու խորհուրդի 29-րդ համագումարը։


(Ռ.Վ. 18 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ, Քահանայապետական առողջապահական գործիչներու խորհուրդի ՝՝Քաջալերել եւ յոյս ներշնչել ''աութիսթիք'' հիւանդութենէ տառապող անձերուն, անոնց ընտանիքներուն եւ հիւանդները խնամողներուն'' խորագիրով 29-րդ համագումարը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20-էն 22 նոյեմբերին, Վատիկանի Սիւնհոդասական դահլիճին մէջ։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան գերապայծառ Զիկմունթ Զիմովսքին Առողջապահական գործիչներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, գերապայծառ Մուզիվի Մուփետաուաթու` վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար, Հայր Աուկուսթօ Քէնտի, խորհուրդի ենթաքարտուղար եւ Փրօֆ Սթէֆաբօ Վիքարի` Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի մանկական նեարդահոգեբուժական մասնաճիւղի պատասխանատու։
Առողջապահական գործիչներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Զիկմունթ Զիմովսքիի վկայութեամբ՝ վերոյիշեալ համագումարը կազմակերպուած է աւելի լաւ դիմագրաւելու ''աութիսթիք'' հիւանդութեան մարտահրաւէրները առողջապահական հովուական խնամակալութեան շրջագիծէն ներս, ինչպէս նաեւ գիտական, ընտանեկան եւ դաստիարակչական շրջագիծէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.