2014-11-18 09:39:53

Մարդիկ որոնք չեն ուզեր լսել Աստուծոյ խօսքը


RealAudioMP3 Որու՞ն ուրեմն պիտի նմանցնեմ մարդիկն այս սերունդին: Անոնք որո՞ւն պիտի նմանին: Կը նմանին մանուկներու, որոնք կը բազմին հրապարակներու վրայ, իրարու ձայն կու տան եւ կ'ըսեն.
«Փող զարկինք ձեզի, եւ դուք չպարեցիք: Ողբեր երգեցինք ձեզի, եւ դուք չլացիք:» (Ղուկ 7, 31-32)
Աստուծոյ արքայութիւնը անոնց համար է որոնք մանուկներուն կը նմանին որովհետեւ Աստուծոյ իմաստութիւնը իրենց քով կը գտնենք: Անոնք ունին այսօրուայ իմաստը: Իրենց խելացիութեամբ անմիջապէս կ'ընդունին կամ կը մերժեն մեր էութեան ճշմարտութիւնը:
Այսօր չաբահաս մարդը ճիշտ հակառակ պատկերը կը ներկայացնէ որովհետեւ միշտ տարակուսի մէջ կը մնայ, կը փափաքի կեանքին ճշմարտութիւնները գիտնալ մտաւորական եւ կամ արհեստական ձեւով: Երբ Տէրը իր շնորհքով կ'ուզէ մեզի մօտենալ, չուզէր մեր խելքը խանգարել զանազան հարցերով, ինչպէս հոգեկան այլ զգացուած հաւատքով: Մենք կը զգանք իր շնորհքը որ մեր սրտին խորքը կը դպչի, ինչպէս գեղեցիկ մեղեդի մը որ կ'երգենք: Յիսուսի պատգամը մեզի կը կանչէ դարձին, որ հեշտ եւ օգնական կը թուի մեզի: Աստուծոյ ծրագիրը միշտ կ'օգնէ մեր կեանքի օրակարգերը դասաւորելու...: Արդե՞օք մենք պատրաստ ենք ընդունելու իր ծրագրին շնորհքը ինչպէս որ մեզի կը ներկայացուի:
Երբ Աստուած չափահաս մարդուն կոչ մը ուղղէ, մարդը կը փորձէ վանելու այս կոչը իր մտքին մէջ դնելով թէ Աստուած կրնայ վերադառնալ իրեն: Սուրբ Օգոստինոսը կ'ըսէր. «Ուշադրութիւն ըրէք ով մարդիկ որովհետեւ Աստուած երբ հանդիպի ետ չի վերադառնար», այսինքն մենք կրնանք յաճախ կորսնցնել Աստուծոյ կոչը ան զանազան ձեւերով ցոյց կու տայ իր սէրը եւ հրաւէրը. կը կորսնցնենք մեր հոգիի սրբութեան առիթը: Օրինակի համար երբ Աստուած կը կանչէ երեխայ մը քահանայութեան եւ կամ կրօնաւորական կեանքին, այսինքն իր կեանքը նուիրելու աղօթքին եւ ժողովուրդին փրկութեան, մեծ հիացումով կ'արժեւորենք որովհետեւ մեզի համար կը դառնայ «մի ոմն Քրիստոս»: Բայց երբ այս կոչը կ'ուղղուի ընտանիքին, առարկութիւն կը ծագի որովհետեւ ըստ ծնողքին շատ երիտասարդ է, պէտք է ճանչնայ այսօրուայ աշխարհը եւ կեանքը եւ կամ ալ այս նորութիւնը տրամաբանական չէ: Բայց արդե՞օք Աստուած տրամաբանական չէ երբ հոգեւոր արարք մը կը յարուցանէ պզտիկի մը հոգիէն նոր կոչում մը: Արդե՞օք պէտք է որ համալսարանական ուսումէն ետք մտածել մեր կոչումին... Արդե՞օք տրամաբանան է երբ հակառակինք Աստուծոյ՝ մեր պայմանները դնելով իր առջեւ: Ծնողքներ եղած են որոնք կ'ուզեն իրենց պզտիկը վանք մտցնել պարզապէս որովհետեւ ձախող եղած է դպրոցին եւ կեանքին մէջ: Այսպիսիներ հեռու կը մնան Աստուծոյ սէրէն որովհետեւ բոլոր սրտով չնուիրեցին Աստուծոյ լաւագոյնը որ ունին աշխարհիս վրայ:
Յիսուս ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչը իրականացուցին ճշգրիտ դատաստանները Աստուծոյ իշխանութեան: Փարիսեցիները եւ հրեայ մեծամեծերը հոգեւոր արտայայտութիւնները Քրիստոսի մասին անոնք հակառակութեան մէջ հերոս էին, չկրցան պատասխանել Յիսուսի կոչին որովհետեւ անկրօն աչքերով հետեւեցան իր առաքելութեան:
Դարձի շնորհքը ներմղուած է հոգիով, ինչպէս անձրեւի ջուրը անթափանց հագուստի մը վրայ. «Որովհետեւ յիմարն Աստուծոյ աւելի իմաստուն է, քան մարդիկ, տկարն Աստուծոյ աւելի հզօր է, քան մարդիկ» (Ա Կոր 1, 25):
Մտածելու ենք մեր հոգեւոր կեանքին: Եկեղեցւոյ կապուած մնալու, ծէսին եւ պատարագի խորհուրդներուն գործնական ձեւով դնելու մեր մասնակցութիւնը ապրելով Աստուծոյ պատուիրանները եւ մանաւանդ աստուծոյ կոչին պատասխանելով ամէն վայրկեանին:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատսուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.