2014-11-18 11:34:59

Երուսաղէմի ''Սինակոկի'' մը դէմ զինեալ յարձակում։


(Ռ.Վ. 18 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 18 նոյեմբերի առաւօտեան` կացինով, դաշոյնով եւ ատրճանակով զինուած երկու մարդիկ մտած են Երուսաղէմի ''Հար Նոֆ'' շրջանի մէջ գտնուող ''Սինակոկը'' եւ հոն համախմբուած հաւատացեալներուն դէմ յարձակում կատարած են ու ապա իրենց կարգին սպաննուած են Իսրայէլեան բանակի կողմէ։
Զոհերու յստակ թիւը տակաւին անյայտ է թէեւ առաջին տուեալները կը խօսին չորս մեռեալի եւ վեց վիրաւորներու մասին որոնցմէ մի քանիները ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին։
Ահաբեկչական այս արարքը վերագրուած է Համասին եւ Իսլամ ժիհատութեան որպէս վրէժ պաղեստինցի մէկ վարորդի սպանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.