2014-11-17 15:09:15

“Մանկական եւրատեսիլ- 2014” –ին յաղթեց Իտալիոյ ներկայացուցիչը. Հայաստանը` գրաւեց երրորդ դիրքը


“Մանկական եւրատեսիլ-2014“-ը այլեւս պատմութիւն է: Հեղինակաւոր մրցոյթը եզրափակուեցաւ, իսկ յաղթական դափնին ուղեւորուեցաւ Իտալիա:
Մրցոյթին յաղթեց Վինչենզօ Կանթյէլոն “Tu primo grande amore” երգով: Հայաստանի պատուիրակ 11-ամեայ Օեթթին` իր “Արեւի մարդիկ” երգով, գրաւեց երրորդ դիրքը:
“Արմէնփրես”-ի փոխանցմամբ` Պեթթին ստացաւ 12 միաւոր` Պելառուսէն, Պուլկարիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Մալթայէն, 10 միաւոր` Նիտեռլանտներէն, 8 միաւոր Շուէտէն, Սլովենիայէն, 7 միաւոր` Սան Մարինոյէն, 6 միաւոր` Խորուաթիայէն, Կիպրոսէն, Սերպիայէն, 2 միաւոր Մոնտենեկրոյէն, Իտալիայէն:
Փոքրիկ Պեթթիին “Արեւի մարդիկ” (“People of the sun”) երգի պատրաստման ընթացքին օգնած են երգահան Մանէ Յակոբեանը, խօսքերու հեղինակ Աւետ Բարսեղեանը եւ գործիքաւորող Մարտին Միրզոյեանը:
Մրցոյթի մասնակից պետութիւնները 16-ն էին` Հայաստան, Վրաստան, Պելառուս, Պուլկարիա, Կիպրոս, Իտալիա, Մալթա, Մոնթենեկրօ, Ռուսիա, Սերպիա, Շուէտ, Սլովենիա, Նիտերլանդներ, Խորուաթիա, Սան Մարինօ եւ Ուքրանիա: Մրցոյթն այս տարի տըղի ունեցաւ #together (միասին) կարգախօսին տակ: Բացի այդ, մրցոյթին բոլոր մասնակիցները երգեցին մրցոյթի համար յատուկ գրուած “Together” երգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.