2014-11-17 12:31:55

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 17 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սիւնհոդոսական սրահին մէջ ընդունեց` Հաւատոյ Ժողովի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` այր ու կնոջ համալրացումի մասին միջազգային զրոյցի մասնակիցները։ Ան ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ռուսիոյ Եւ Իւզպէքիստանի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Թուրքիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան` Տիար Մեհմէթ Փաքաչիին, հաւատարմագրերու յանձնումի առթիւ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց Տաէժոնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Լածծարօ Եու Հէունկ Սիքը եւ Մայէստրօ` Տանիէլ Պարէմպոյնը ու անոր ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 11-ին Ֆրանչիսկս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Զամպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, որոնք 17-22 նոյեմբեր 2014, Վատիկան կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Այր ու կնոջ համալրացումի մասին միջազգային զրոյցի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ`
Նախ կ'ուզեմ անդրադառնալ ''համալրացում'' բառին վրայ։ Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած նամակին մէջ կ'ըսէ թէ Ս. Հոգին իւրաքանչիւրին տուած է տարբեր շնորհապարգեւներ, որպէսզի անոնք զիրար ամբողջացնեն ինչպէս մարդկային մարմնին զանազան անդամները զիրար կ'ամբողջացնեն։ (հմմտ. Ա. Կոր 12) Համալրացման մասին խորհրդածել կը նշանակէ խոկալ Արարչութեան կենդրոնը գտնուող կենեղուտ ներդաշնակութեան վրայ։ Ահա այս է հիմնական գաղափարը՝ Ներդաշնակութիւն։ Արարիչը տուած է զիրար համալրացնելու, ամբողջացնելու կարողականութիւնը, որպէսզի Սուրբ Հոգին, որ հեղինակն է ներդաշնակութեան, մեր մէջ ներգործէ ներդաշնակութիւն։

Այր եւ կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող համալրացումը կը կազմէ ամուսնութեան եւ ընտանիքի հիմը՝ իբր առաջին դպրոց, ուր կը սորվինք գնահատել մեր եւ ուրիշներու շնորհապարգեւները, եւ ուր կը սկսինք հասկնալ համակեցութեան արուեստը։ Մեծամասնութեանս համար ընտանիքը կը կազմէ նախնական վայրը՝ ուր կը սկսինք ''շնչել'' արժէքներ եւ գաղափարականներ, ինչպէս նաեւ իրականացնել մեր առաքինութեան եւ սիրոյ կարողականութիւնը։ Գիտենք, որ ընտանիքը նաեւ լարուածութիւններու վայր է՝ եսակենդրոնութեան եւ այլակենդրոնութեան միջեւ, տրամաբանութեան եւ կիրքի միջեւ, անմիջական իղձերու եւ հեռաւոր նպատակներու միջեւ։ Սակայն ընտանիքները կը հայթայթեն այն միջավայրը, ուր կը սորվինք լուծել այսպիսի լարուածութիւններ։ Համալրացում կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր այր եւ իւրաքանչիւր կին անհատապէս իր մասնակցութիւնը բերէ ամուսնական կեանքին եւ զաւակներու դաստիարակութեան։ Այսպէսով անհատի հարստութիւնը, անհատի շնորհապարգեւը եւ համալրացումը կը վերածուին մեծ հարստութեան ի շահ ընտանիքի։

2. մեր օրերուն ամուսնական կեանքը եւ ընտանիքը ճգնաժամի մէջ են։ Կ'ապրինք առժամանակեայ մշակոյթի մէջ, ուր միշտ աւելի անհատներ կը հրաժարին ամուսնական կեանքէն։ Սովորութիւններու եւ բարոյականի այս յեղաշրջումը իր առջեւ պարզած է այսպէս կոչուած ''ազատութեան դրօշը'', սակայն իրականութեան մէջ անհամար մարդոց բերած է հոգեւոր եւ նիւթական կործանում։ Ակնյայտնի է, որ ամուսնութեան մշակոյթի անկումը պատճառ դարձած է չքաւորութեան աճումին եւ յարուցած է այլ ընկերային բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնք անհամեմատ չափով վնաս կը հասցնեն կիներու, երեխաներու եւ տարիքաւորներու։

3. Պէտք է հաստատուն մնանք հիմնական սիւներու վրայ որոնք կը պահեն ազգ մը, եւ ազգի մը ոչ նիւթական բարիքները։ Ընտանիքը կը մնայ հիմը համակեցութեան եւ գրաւականը ընկերային տարրալուծման դիմադրութեան։ Երեխաները իրաւունքն ունին աճելու ընտանիքի մը մէջ, ե'ւ հօր ե'ւ մօր ներկայութեամբ, որոնք կարողութիւնն ունին ստեղծելու յարմար միջավայր մը երեխաներու զարգացումին եւ զգացական հասունացման։

Կ'ուզեմ Ձեզ յորդորել որ ամուսնական կեանքի մէջ ուշադրութիւն դարձնէք համերաշխութեան, զօրակցութեան, հաւատարմութեան եւ սիրոյ։

Ընտանիքը մարդաբանական՝ հետեւաբար ընկերային եւ մշակութային իրականութիւն մըն է։ Պէտք չէ զայն բնորոշենք գաղափարախօսական բնոյթ ունեցող կարծիքներով, որոնք ունին միայն ժամանակաւոր ոյժ, ապա կը ցնդին։ Կարելի չէ խօսիլ պահպանողական եւ յառաջադէմ ընտանիքի մասին. ընտանիք կը նշանակէ ընտանիք։ Ընտանիքը ինքնուրոյն իրականութիւն է, եւ ունի իւրայատուկ ներոյժ։








All the contents on this site are copyrighted ©.