2014-11-17 10:22:24

ՏԱՀԵՇ մահապատիժի ենթարկեց Ամերիկացի պատանդ Ապտել Ռահման Քասիկը


Ըստ համացանցին վրայ զետեղուած տեսերիզի մը, ՏԱՀԵՇ մահապատիժի ենթարկած է ամերիկացի փրկարար աշխատող Ապտել Ռահման Քասիկը: Տեսերիզին մէջ դիմակաւոր զինեալ մը կանգնած է գլխատուած դիակի մը մօտ եւ կը յայտնէ, որ այդ դիակը Քասիկինն է:
Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ աշխատանք կը տանինք տեսերիզին իրական ըլլալը ճշդելու: Տեսերիզը նաեւ սուրիացի զինուորներու գլխատումը ցոյց կու տայ:
Քասիկ անցեալ տարի ձերբակալուած էր: Ան ամերիկացի զինուոր Փիթըր Քասիկն է, որ իսլամութիւնը ընդունելով անունը փոխած է Ապտել Ռահմանի: Սակայն ո՛չ այդ իրողութիւնը, ո՛չ ալ տեղահանուածներուն մօտ անոր կատարած փրկարար աշխատանքը անոր կեանքը փրկած են:Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ ինք այս «սառնասիրտ ոճիրէն» ցնցուած է, իսկ ՏԱՀԵՇ «անգամ մը եւս իր ապականութիւնը ցոյց տուաւ»:
Կիրակի, 16 նոյեմբերին երեկոյեան. Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբակը ապառնալիք ուղղեց ըսելով ՝՝ եթէ Ռումիէի բանտարկեալներուն դէմ արձակուած վճիռները գործադրուին, ապա 7 առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներ մահապատիժի պիտի ենթարկուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.