2014-11-17 10:05:44

Եւրոպայի մէջ տակաւին բազմաթիւ են բարձրացող պարիսպները, յանդուգն նախընտրութիւններու կարիքը կայ, կը յայտարարէ ֆուլվիօ Սքալիոնէ Famiglia Cristiana պարբերաթերթին փոխ տնօրէնը։


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) ''Պերլինի պատի փլուզումէն 25 տարի ետք, տակաւին Եւրոպայի ու աշխարհի մէջ մեծ է թիւը բարձրացած պարիսպներուն, որոնք կը բաժնեն մարդիկը իրարմէ, կ'ականեն անոնց հիմնական իրաւունքները, ու իրարմէ կը բաժնեն ընտանիքներն ու համայնքները, սկսեալ Իսրայէլէն, Հիւսիսային Քուրիայէն, Մեքսիքոյէն եւ Կիպրոսէն'', հաստատած է ֆուլվիօ Սքալիոնէ ''Famiglia Cristiana'' պարբերաթերթին փոխ տնօրէնը, ելոյթ ունենալով ռատիովատիկանին հետ։
Մինչ կը տօնախմբենք Պերլինի պատի փլուզումին 25 ամեակը մոռնալու չենք որ Եւրոպայի ու աշխարհի մէջ բազմաթիւ մարդիկը իրարմէ բաժնող պատերը։ Պելֆասթին մէջ շարք մը պատեր կը բարձրանան։ 1974էն ասդին Կիպրոսի մէջ այլ պատ մը կը գտնուի եւ կը բաժնէ յոյն համայնքը թուրք համայնքէն։ ''Այլ պատեր կան Եուկոսլավիայի, Քոսովոյի, Պոզնիայի եւ Էրծեկովնիայի մէջ, ուր ոխակալութեան զգացումները տակաւին վառ են'' դիտել տուած ֆուլվիօ Սքալիոնէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.