2014-11-15 10:13:34

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմենիքեան հայր Լորենցօ Լորուսսոն նշանակեց Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին ենթաքարտուղար։


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Տոմինքեան միաբանութեան անդամ` Հայր Լորենցօ Լորուսսօ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրամանով անուանուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին ենթաքարտուղար։ Ան նախապէս կը վարէր հետեւեալ պաշտօնները` Րէկտոր Պարիի Ս. Նիկողաիոս պազիլիքայի, խորհրդատու Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին եւ դասախօս Հռոմի քահանայապետական Արեւելեան հաստատութեան մօտ։
Ան ծնած է Պարի` 25 Մարտ 1967-ին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1995-ին, Աստուածաբանութեան աւարտաճառը կատարեց ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքի կաթողիկէ հաստատութեան մօտ, 1995-ին։ Արեւելեան կանոնագիտութեան աւարտաճառը ներկայացուց Հռոմի քահանայապետական Արեւելեան հաստատութեան մօտ 1999-ին։ Եղած է դասախօս լատիներէն լեզուի ու արեւելեան կանոնագիտութեան Հռոմի եւ Իտալիոյ զանազան համալսարաններու մէջ։ 2012-ին նշանակուեցաւ Րէկտոր Իտալիոյ Պարի քաղաքի ս. Նիկողաիոս պազիլիքայի եւ 2014-ին` խորհրդատու Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին մօտ։ 15 նոյեմբեր 2014-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զինք անուանեց Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի ենթաքարտուղարը յաջորդելով գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.