2014-11-15 09:47:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սրի Լանքա եւ Փիլիպեան կղզեխումբ կատարելիք առաքելական այցելութեան յայտագիրը։


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Յառաջիկայ 12-19 յունուար 2015, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Սրի Լանքա եւ Փիլիպեան կղզեխումբ։ Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի երկուշաբթի` 12 յունուար 2015-ի երեկոյեան եւ Սրի Լանքայի Քոլոմպօ միջազգային օդակայան կը ժամանէ յաջորդ օրը` 13 յունուար 2015-ին, տեղական ժամով առաւօտեան 9-ին։
Բարի գալուստի արարողութենէն ետք, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր առաքելութեան առաջին ճառը կ՛արտասանէ, կէսօրին հանդիպում կ՛ունենայ Սրի Լանքայի եպիսկոպոսներուն հետ Քոլոմպոյի Արքեպիսկոպոսարանին մէջ։
Յետ միջօրէի ժամը 5-ին (միշտ տեղական ժամով) Սրբազան Հայրը այցելութիւն կը կատարէ Նախագահական պալատ ուր կը հանդիպի երկրին նախագահին ու ապա ''Bandaranaike Memorial International Conference Hall'' ին մէջ տեղի կ՛ունենայ Միջկրօնական հանդիպում ուր նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին երկրորդ ճառը։
Չորեքշաբթի` 14 Յունուարին, օրակարգը կը յատկանշուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաւօտեան ժամը 8.30-ի մատուցած սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն ընթացքին Ան սուրբ կը հռչակէ երանելի Ճուզեփփէ Վազը։ Իսկ յետմիջօրէին Ան կը տեղափոխուի Մատհու ուր 15.30-ին (տեղական ժամով) Մատհույի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Մարեմեան աղօթք որ կ՛եզրափակուի Սրբազան Քահանայապետին ուղղած պատգամով որմէ ետք Ան կը վերադառնայ Քոլոմպօ։։
Հինգշաբթի 15 յունուարի առաւօտեան ժամը 8.15-ին Սրբազան Հայրը կ՛ացյելէ Պոլոուալանայի “Our Lady of Lanka” մատուրը եւ ապա Քոլոմպոյի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի դէպի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Մանիլա, ուր կը ժամանէ տեղական ժամով 17.45-ին Մանիլայի Վելամորի օդակայան եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի առաքելական պալատ։
Ուրբաթ` 16 յունուարի առաւօտեան Մանիլայի նախագահական պալատին ներքոյ տեղի կ՛ունենայ ''Բարի Գալուստի'' պաշտօնական արարողութիւնը ու ապա հանդիպում` քաղաքական իշխանութիւններու եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ճառ մը պիտի ուղղէ ներկաներուն։ Ժամը 11,15-ին, տեղական ժամով, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագի արարողութիւն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղական եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին ''Անարատ Յղութեան'' նուիրուած Մանիլայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
16 Յունուարի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Մանիլայի ընտանիքներուն հետ։
Շաբաթ 17 յունուար 2015-ի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը օդանաւով կը տեղափոխուի ''Թաքլոպան'' ուր միջազգային օդակայանին մէջ կը հանդիսապետէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու ապա` կէսօրին, սիրոյ ճաշը կը բաժնեկցի ''Թիֆոնի - Մրրիկի'' վերապրողներէն մէկ խումբի մը հետ։
17 յունուարի յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը բացումը կը կատարէ աղքատներու նուիրուած '' Pope Francis Center for the Poor'' կեդրոնին ու ապա հանդիպում կ՛ունենայ տեղական կղերի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։ Երեկոյեան Նորին Սրբութիւնը կը վերադառնայ Մանիլա։
Կիրակի` 18 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը Մանիլայի Սանթօ Թոմաս համալսարանին մէջ հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ Փիլիպեան կղզեխումբի կրօնապետերուն հետ ու ապա համալսարանի մարզադաշտին տարածքին կը հանդիպի երիտասարդներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը։ Յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին (տեղական ժամով) Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսապետէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը Մանիլայի ''Անել Ռիզալ Բարք''ի տարածքին։
Երկուշաբթի` 19 յունուար 2015-ը, կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճամբորդութեան վերջին օրը։ Առաւօտեան ժամը 9,45-ին (տեղական ժամով), Մանիլայի 'Villamor Air Base'' օդակայանին մէջ նախատեսուած է հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը օդանաւ կը բարձրանայ եւ վերադարձ կը կատարէ Հռոմ ուր կը ժամանէ յետ միջօրէի ժամը 17,40-ին (Հռոմի ժամով)։








All the contents on this site are copyrighted ©.