2014-11-15 09:45:05

Գաղթականներու հովուական խնամակալութեան 7-րդ համագումարը. ''Համագործակցութիւն եւ զարգացում գաղթականներու հովուական խնամակալութեան ծիրէն ներս''


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Յառաջիկայ 17-էն 21 նոյեմբեր, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քահանայապետական գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու Հովուական խնամակալութեան խորհուրդին, Հռոմի Քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ գաղթականներու հովուական խնամակալութեան 7-րդ համագումարը։
Համագումարին նիւթն է ''համագործակցութիւն եւ զարգացում գաղթականներու հովուական խնամակալութեան ծիրէն ներս''։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 300 մասնագէտներ ժամանած 93 զանազան երկիրներէն։
Համագումարին բացման խօսքով ելոյթ կ՝ունենայ Քահանայապետական գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու Հովուական խնամակալութեան խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոն։
Համագումարին ընթացքին կը քննարկուին հետեւեալ նիւթերը ՝ արտասահման , գաղթականները որպէս գործընկեր զարգացումի եւ մարդկային իրաւունքի շրջագիծէն ներս։ Ապա պիտի ուսումնասիրուին գաղթականութեան երեւոյթէն յառաջացած զանազան իրողութիւնները։

Լաւագոյն ձեւով օգտագործելու արտասահմանի ներդրումը հասարակաց զարգացման ի խնդիր ։
Համագումարին կէտնպատակն է ընդգծել գաղթականներու մշակութային պաշարն ու հարստութիւնը նկատելով գաղթական ընտանիքը որպէս աղբիւր մշակութային կեանքի, որ կարիքը ունի հովուական խնամակալութեան բուժուելու համար այն վէրքերէն որոնց ենթարկուած են իրենց երկրէն հեռանալու պատճառով։ Համագումարի կ՛եզրափակուի 21 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ հանդիպումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.