2014-11-15 08:52:04

Աղքատութեան ուխտը


RealAudioMP3 Աղքատութիւն կը նշանակէ զրկում ինչքերէն, որով ենթական կրնայ ստանալ: Սակայն առաքինութիւն ըլլալու համար բաւարար չէ միայն զրկուած ըլլալ այդ իրերէն, այլապէս բռնի աղքատութիւն կը դառնայ: Աղքատութիւնը` առաքինութիւն ըլլալու համար, հարկաւոր է, որ ենթական ինքնաբերաբար եւ յօժար կամքով հրաժարի ինչքերէն, զորս ունի կամ կարող է ունենալ:
Որով` առաքինութիւնը կը պահանջէ հրաժարում ստանալու փափաքներէն եւ իրական զրկում ունեցուածքներէն:
Այս բոլորը սակայն, պէտք է կատարուին յաւիտենական բարիքի սիրով, այսինքն Աստուծմէ մղուած:
Ամէն Քրիստոնեայ արդէն պէտք է չափով մը աղքատ ըլլալո, որով հարուստը, կամ աւելի շիտակ արծաթասէրը չի կրնար երկնքի արքայութիւնը մտնել` Յիսւոսի խօսքին համաձայն: «Դարձեալ կ՛ըսեմ ձեզի, աւելի դիւրիւն է, որ ուղտը ասեղի ծակով մտնէ, քան թէ հարուստը` Աստուծոյ արքայութեան մտնէ: (Մտթ. 19, 24)
Աւետարանական խրատը ասորմով չի՛ գոհանար, դեռ աւելին կը պահանջէ: Կ՛ուզէ, որ զրկուինք նաեւ ինչքերը ստանալէն, մնալով բոլորվին անինչ: Այս կէտով` այդ խրատը ընդունած կրօնաւորը կ՛անջատուի պարզ քրիստոնեաներէն: Սակայն կրօնաւորը նախ պէտք է ներքնապէս անջատուած ըլլայ հարստութեան սէրէն, ոչ միայն ձեռքը դատաարկ պիտի ըլլայ դրամէն, այլեւ սիրտը պէտք է մաքուր ըլլայ ագահութենէն:
Կրօմաւորին ինչքերէն եւ հարստութիւններէն զրկողը եւ մերկացնողն աղքատութեան ուխտն է: Իսկ իր սիրտը հարստութիւններէն անջատողը` աղքատութեան առաքինութիւնն է:
Ուրեմն աղքատութիւնը ունի մէկ ուխտ, եւ մէկ առաքինութիւն: Բայց այս երկուքը նոյն բանը չեն, թեեւ նոյն նպատակը ունին: Ուխտը` աւելի կատարեալ կերպով առաքինութիւնը գործադրելու միջոց է:
Առաքինութիւնը սրբատունն է աղքատութեան: Ուխտը այն պաշտպանող պատնէշը: Առաքինութիւնը ուխտերէն աւելի ընդարձակ է եւ անեզր սահմաններ ունի, մինչդեռ ուխտը կը մնայ պարտաւորութեան սահմաններու մէջ` ուխտադրութեամբ յօժար կերպով ստանձնուած:
Աղքատութեան նպատակը մարդկայինը եւ նիւթականը չէ, ապա թէ ոչ առաքինութիւն չ՛ըլլար. իբր առաքինութիւն` աղքատութիւնը, եւս, միւսներու հետ միասին, կապուած է սիրոյ հետ:
Յիսուսին պատուէրը յստակ է. « ամէն ինչ ձգել իր անունին համար»: Այս կէտը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ է աղքատութեան մէջ:
Աղքատութեան առաքինութիւնը Յիսուսի կողմէն նկատուած է ամէնէն կարեւորներէն մէկը` անհրաժեշտ կատարելութեան դիմելու, իրեն աշակերտելու համար. «Ձեզմէ ամէն մէկը եթէ իր ամբողջ ունեցուածքներէն չհրաժարի, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (ղուկաս 14, 33):
Առաջին քրիստոնեաները ամէն ինչ կը ծախէին իրենց ինչքերէն, եւ դրամը հասարակաց հասարակաց գործածութեան կը ծառայէր:
Նոյնպէս Սուրբ Հայրերը եւ ճգնաւորները աղքատութիւնը կը նկատէին ո՛չ միայն կրօնաւորներու համար կարեւոր, մենաստաններու եւ վանքերու պահապանը, զարդը, կեանք տուողը, այլեւ` հարստութիւններէն սրտի անջատումը կը համարէին քրիստոնէութեան նշաններէն մէկը եւ այս յաճախ կը յանձնարարէին հաւատացեալներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.