2014-11-15 08:59:47

Ա. Կիրակի Յիսնակաց


RealAudioMP3 Այսօր, ծիսական տօնացոյցին համաձայն ս. Ծննդեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Յիսնակաց շրջանը կը սկսի: Յիսուն օրեր մեզ կը բաժնեն մարդեղութեան հրաշալի խորհուրդէն, որդեգրութեան տօնէն: Որովհետեւ Ծնունդը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ՈՐԴԵԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ: Աստուած մեր մարդկային բնութիւնը կ՛որդեգրէ:
Այս ընթացքը օրհնաբեր դարձնելու համար, եկեղեցին կը թելադրէ մեզի պարզ եւ շատ գեղեցիկ աղօթք մը` Տէրունական աղօթքը, որուն հեղինակը նոյնինքն մեր Տէրն է` Յիսուս Քրիստոս: Այս աղօթքին վրայ կարելի է հանրագիտարաններ պատրաստել, հազարաւոր հատորներ հրատարակել եւ բազմաթիւ քարոզներ տալ, որովհետեւ Տէրունական աղօթքը, մեր քրսիստոնէական հաւատքին ու սկզբունքներուն ամփոփ պարունակութիւնն է, մէկ խօսքով`«համառօտ աւետարան» մըն է:
Տէրունական աղօթքին բանաձեւը հարուստ է բազմաթիւ խորհուրդներով: Իւրաքանչիւր բառ կրնայ եւ պէտք է ըլլայ մեր քրիստոնէական կեանքի ուղղեցոյցը եւ ճանապարհը:
Այս աղօթքին մէջ առաջին բառը, զոր կ՛արտասանենք «Հայր» բառն է: Ուստի չենք կրնար մեր Տէրը «Հայր» կոչել, եթէ ամէն օր մենք մեզ իր հարազատ որդիները չենք զգար: Չենք կրնար զԻնք «Հայր» կոչել, եթէ մտածենք թէ Աստուած պատրաստ է մեզ պատճելու ամէնափոքր յանցանքին համար: Չենք կրնար զԻնք «Հայր» կոչել, եթէ չհաւատանք որ Ան մեզ գրկաբաց կը սպասէ, եւ մեզ կը սիրէ աւելի քան ոեւէ անձ մը այս աշխարհիս վրայ:
Չենք կրնար ըսել թէ Աստուած «Մեր» Հայրն է եթէ եսասիրութեան մէջ թաղուած ենք, եթէ մեր դիմացնը ստորադաս կամ գերադաս նկատենք` Աստուած «Մեր» Հայրը չէ եթէ չկարենամ ընդունիլ գողերը, ստախօսները, ոճրագործները իբրեւ իմ մեղաւոր եղբայրներս, Աստուծոյ շնորհքի կարօտ եղբայրներս:
Չենք կրնար ըսել թէ Աստուած «յերկինս» է, եթէ միայն երկրաւոր բաներուն կը մտածենք, եթէ երկինքէն կը զրկենք տառապող անձերը: Չենք կրնար ըսել թէ Աստուած «յերկինս» է, եթէ տակաւին կը մտածենք թէ Աստուած հեռու է, պաղ է, անհասանելի է:
«Սուրբ եղիցի անուն քո»: Թող սրբացուի քու անունդ կը նշանակէ հետապնդել խաղաղութիւնը, սէրն ու ճշմարտութիւնը եւ հակառակիլ չարութեան, ստախօսութեան եւ ատելութեան դէմ:
«Եկեսցէ արքայութիւն քո» կը նշանակէ ձերբազատուիլ երկրաւոր թագաւորութենէն, եւ մտածել եկնային թագաւորութեան:
«Եղիցին կամք քո» կը նշանակէ թող խաղաղութիւնը, սէրը, եղբայրսիրութիւնը, եւ ներողամտութիւնը թագաւորեն այս աշխարհի վրայ:
Չենք կրնար ըսել «Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր» եթէ օրուայ ճաշը աւելցած է առատութեամբ, կամ ալ վաղուայ ճաշը արդեն պատրաստ է: Չենք կրնար ըսել «Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր» եթէ մեզի տրուած ճաշը զայն կը նետենք կամ կը ստորագննահատենք ( Շուետի մէջ տարեկան 250.000- 400.000 դոն ճաշ կը նետուի, որ կէս Ափրիկէն կրնայ կերակրել)
Չենք կրնար ըսել. «թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց» եթէ չենք հաւատար որ մեղքեր եւ պարտքեր ունինք եւ կամ ալ չենք հաւատար Աստուծոյ ողորմութեան եւ ներողամտութեան: Չեմ կրնար Տիրոջ ըսել. « ներէ իմ մեղքերս» եթէ ես մերձաւորիս ըսեմ . «քեզ կը ներեմ բայց չեմ մոռնար ըրածդ»:
Ի վերջոյ, չենք կրնար ըսել «մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէն» եթէ միշտ յառաջադրութիւնը ունինք մեղանչելու, եթէ փորձութիւնները մեր անբաժելի ընկերներն են, եթէ ամէն անգամ որ իյնանք եւ բեռմնաւորուինք մեղքերով, կամքը չունիք վերականգնելու: Չըսենք. «փրկեա՛ զմեզ ի չարէն», եթէ չարութիւնը եւ նենգութիւնը արմատացած են մեր մէջ:
Այս է Տէրունական աղօթքին իսկական իմասը: Ան մեզ կ՛օգնէ Ճանչնալու Աստուծոյ պատկերը` սիրոյ, ողորմութեան, գթութեան, ինչպէս նաեւ մեր անձերը: Թող Աստուած լսէ մեր աղօթքները եւ պաղատանքները, որովհետեւ Ան է մեր օգնութիւնը, Ան է մեր կեանքին ապաւէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.