2014-11-14 12:20:53

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 14 նոյեմբերի քարոզը


Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ս. Պատարագը մատուցանեց խումբ մը հաւատացեալներու ներկայութեամբ
Շեշտելով կեանքի օրինակի անհրաժեշտութեան վրայ՝ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. հարց տանք մենք մեզի թէ արդեօք կ'ուսուցանե՞նք այն ինչ որ այսօրուան ընթերցուածին մէջ լսեցինք. այսինքն՝ ''ընթանալ սիրոյ եւ ճշմարտութեան ճանապարհէն։''
Քրիստոնեայ մը պարտական է հոգ տանելու պատանիներու եւ երեխաներու, պարտական է փոխանցելու հաւատքը, փոխանցելու այն ինչ որ կ'ապրինք, այն ինչ որ սրտէն կը բխի։ Պատանիներ եւ երեխաներ բոյսերու նման են՝ աճումի հանգրուանին մէջ։ Չենք կրնար անտեսել այն բոյսերը որ աճումի մէջ են։
Մենք բոլորս ունինք պատասխանատուութիւնը տալու դեռատիներուն լաւագոյն բանը, որ ունինք. իսկ լաւագոյն բանը որ ունինք՝ հաւատքն է։ Հաւատքը պէտք է տանք մեր կեանքի օրինակով եւ ոչ թէ խօսքերով։ Այսօր խօսքերու կարիք չունինք, այլ գործել պէտք է։
Եկած էք այստեղ աղօթելու։ Աղօթքը անհրաժեշտ է։ Պէտք է աղօթենք Տիրոջ, Յիսուսի, սուրբ Կոյս Մարիամի, որ մեզի օգնեն։ Պատարագի ընթացքին կը ներկայանանք Յիսուսի առջեւ։ Յիսուս ներկա'յ է այստեղ։ Պէտք է աղօթենք, որ Յիսուս ուսուցանէ մեզի ընթանալու ճշմարտութեան եւ սիրոյ ճանապարհէն։
Քննութեան ենթարկենք մեր վերաբերմունքը երեխաներու հանդէպ։ Արդեօք ունի՞ք եղբօր մը, հօր մը, մօր մը եւ կամ քրոջ վերաբերմունքը, որ կ'օգնէ պատանիներու եւ երեխաներու աճումին, եւ կամ արդեօք անտարբերութեա՞մբ կը մօտենաք այս հարցին։







All the contents on this site are copyrighted ©.