2014-11-14 13:21:12

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Փերուի հանրապետութեան նախագահին շնորհած ունկնդրութեան առթիւ։


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 14 նոյեմբեր 2014ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Փերուի հանրապետութեան նախագահ` տիար Օլլանթա Հումալան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթին։

Սիրալիր բանակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Փերուի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, յատկապէս անդրադարձ կատարելով քրիստոնէութիւն դերին Երկրի կազմաւորումի ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տուած սատարին ի սպաս բնակչութեան մարդկային, հասարակական եւ մշակութայինն զարգացումին։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային եւ շրջանային բնոյթ ունեցող հարցերու մասին, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով բնապահպանութեան խնդիրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.