2014-11-14 11:23:59

Ջուլֆայի Հայկական Եկեղեցիները տարեկան 3 միլիոն զբօսաշրջիկ կը բերեն Իրան


Իրանական Ջուլֆա քաղաքին Մէջ շատոնց է արդէն հայեր չեն ապրիր, սակայն կանգուն են հայկական եկեղեցիները: Արեւելեան Ատրպատական մարզի հայկական կոթողներէն երկուքը` Սուրբ Ստեփանոս վանքը եւ Հովուի վանքը վերջերս վերանորոգուած են իրանական իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ` դառնալով քաղաքի զբօսաշրջային ամենայայտնի վայրերը: “Արմէնփրես”-ի հաղորդմամբ` հայ լրագրողներու` Ճուլֆա կատարած այցելութեան ժամանակ քաղաքի զբօսաշրջային վարչութեան պետ Հոսէյնէ Եոպին պատմած է, որ Արաքս գետի ափին գտնուող Սուրբ Ստեփանոս վանքը տարեկան շուրջ 3 միլիոն զբօսաշրջիկ կը հիւրընկալէ:
Սուրբ Ստեփանոս վանքը 9-րդ դարու հայկական կրօնական համալիրներէն է, որ 15 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ջուղա քաղաքէն: Արաքս գետի աջ ափին բարձրացող Մաղարտա լերան լանջին տեղակայուած եկեղեցին 2008 թուականի արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին «Հայկական եկեղեցիները Իրանի մէջ” անուան տակ: «Մօտ 35 տարի առաջ, իրանական յեղափոխութենէն ետք, եկեղեցին գրեթէ կիսաքանդ էր, սակայն տարիներու ընթացքին պետութիւնը վերանորոգած է զայն: Սուրբ Ստեփանոսը այս տարածաշրջանի պատմամշակութային կէտերէն է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ: Եթէ մինչեւ վերանորոգումը տարեկան մօտ 200 հազար մարդ կ՛այցելեր այստեղ, ապա վերանորոգումէն ետք անոնց թիւը հասած է 3 միլիոնի”,- ըսած է Եոպին:
Իրանցի մեր ուղեկիցները պատմեցին, որ տարածքին մէջ կը գործեն հինգ հայկական եկեղեցիներ, որոնցմէ միայն երեքը վերականգնուած են, իսկ երկուքը դեռ չեն վերանորոգուած ճանապարհային դժուարութիւններու պատճառով:
Յաջորդ կանգառը Հովուի եկեղեցին էր, ուր ներկայիս շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան: Եկեղեցւոյ արտաքին հատուածի շինարարական աշխատանքները կը մօտենային աւարտին, եւ շուտով գմբէթին պիտի տեղադրուեր խաչը: Հովուի եկեղեցին, որ իր չափերով էապէս կը զիջի Սուրբ Ստեփանոս վանքին, կառուցուած է շատ աւելի ուշ` հայ հովիւներու կողմէ, որոնք օրուան աշխատանքէ ետք չէին հասցներ հասնիլ Սուրբ Ստեփանոս, եւ կ՛որոշեն ճանապարհին հիմնել փոքրիկ աղօթատեղի: Արաքսի ափին տեղակայուած հայկական կոթողը նորոգումէն ետք պիտի ընդգրկուի Իրանի զբօսաշրջային երթուղիներու մէջ:
իրանի Ջուլֆա քաղաք այցելողները, երբ Աաքսի ափով կը քալեն կը հանդիպեն նաեւ մէկ այլ հայկական շինութեան: Ատիկա Խօճա Նազարի քարաւանատունն է, որ դարեր շարունակ իր յարկին տակ է ընդունած է տարածքով անցնող վաճառականները: Խօճա Նազարը 16-րդ դարուն ապրած հայ վաճառական մըն է, որ ծնած էր Ջուղա քաղաքին մէջ եւ տարածաշրջանի մեծահարուստներէն էր: Անոր պատկանած են Արաքսի երկու ափերուն գտնուող քարաւանատուները: Անոնցմէ մէկը, որ այժմ կը գտնուի Իրանի տարածքին, կը կրէ հայ վաճառականին անունը եւ կը շարունակէ հիւրեր ընդունիլ իր տանիքին տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.