2014-11-14 09:06:18

Միջին Արեւելքի մէջ գաղթականներուն մարդկայնական ողբերգութիւնը կը սաստկանայ


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի հինգշաբթի ձայնագրուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ տարածուած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Եմէնի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Ալճերիոյ մէջ: Ան Սէուտական Արաբիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի համակիրներուն կոչ ուղղեց տեղւոյն վարչակարգին դէմ ըմբոստանալու եւ զէնք բարձրացնելու:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց. «Ասատ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու ջանքին մէկ մասն է` Սուրիոյ ապագան ճշդող փոխանցման կառավարութեան մը միջոցով»: Ան նշեց. «Ասատը փոխելը ժիհատական խմբաւորումները տկարացնելու երաշխիք մը չէ»:
Մինչ այդ ծայրայեղական իսլամները մետաղէ նոր դրամանիշ մը որդեգրած են որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի։
Իսկ միւս կողմէ Լիբանանու, Թուրքիոյ, Յորդանանի եւ Իրագի մէջ մարդկայնական ողբերգութիւնը կը սաստկանայ եւ այս երկիրները սկսած են իրենց սահմանները փակել տեղահան ու գաղթական ժողովուրդին առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.