2014-11-14 09:36:26

Ծնողները պատուել


RealAudioMP3 Նախորդ հաղորդումին մէջ անդրադարձանք Աստուծոյ Պատուէրին. «պատուէ Հայրդ ու մայրդ : Այս պատիւը` կ՛ենթադրէ, անպայման, սէր, յարգանք, հնազանդութիւն, ծառայութիւն :
Առակաց Գիրքին մէջ տեսանք նաեւ գեղեցիկ պատուէր մը ուղղուած զաւակներուն. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատը մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛
մերժեր. քանզի անոնք քու գլուխդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան» (Առ 1.7-9):
Այս պատուէրը մեզի կը թելադրէ որ մեր ծնողաց յարգենք մեզի հանդէպ ունեցած իրենց անկեղծ եւ խորունկ սիրոյ համար: Ստուգիւ, այս իրենց կը պարտինք, որովհետեւ մեզի հանդէպ գորով մը ունին, գորով մը որ յոգնութիւն չի ճանչնար, ոչ ալ աշխատանք եւ նոյնիսկ վտանք, եւ չկայ անոնց համար, աւելի հաճելի բան մը` քան թէ սիրուիլ իրենց սիրասուն զաւակներէն :
Նախապէս տեսանք նաեւ թէ Հօր անունը որու կը տրուի, եւ ըսինք թէ պատուիրանը յատկապէս կը հայի մեր ծնողներուն : Անոնք կերպով մը, անմահ Աստուածը կը ներկայացնեն, մեզի համար: Անոնք մեզի կրօնքին մէջ մեծցուցած են եւ վարժեցուցած` քրիստոնէական մաքուր կեանքի մէջ:
Գալով «մօր», մեր Տէրը կ՛ուզէ մեզի յիշեցնել` բոլոր ծառայութիւնները եւ բարիքները զորս ստացած ենք մեր մայրերէն` գորովը որով մեզ կրած են, ցաւերը` զորս քաշած են մեզ ծնանելու ատեն եւ կրթութիւնը զորս մեզի ջամբած են:
Եսայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք.«Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ» Ես. 66.13:
Աստուածաշունչին մէջ «մայրը» կը ներկայանայ որպէս հիմքը ընտանիքին. անոր դերը միայն ընտանիքին գոյատեւումը ապահովել չէ` զաւակներու ծննդաբերութեամբ. ան նաեւ դաստիարակիչ դեր ունի: Բարոյական ու հոգեւոր իմաստով ընտանիքի առողջ պահպանումը մօր առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է:
Հարկ է նաեւ մէջբերել Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին ուղղած խօսքերը «Հայ մօր» 2013 թուականին հռչակուած տարիին առթիւ: Վեհափար հայրը պարզելով հայ մօր տիպարը կ՛ըսէ. « Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր` իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՛չ միայն ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլ մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական պահերուն իր օրինակելի վարքագծով, ամուր կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութեան բերած իր ամբողջանուէր ու յանձնառու մասնակցութեամբ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը»:
«Հայ մայրը հոմանիշ է յաւիտենական արժէքներու ու երկնատուր արժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտումներու, վեհ առաքինութիւններու ու ամուր սկզբունքներու: Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.