2014-11-14 08:29:24

Եպիսկոպոսաց ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները։


Հրաւէր քրիստոնեայ աշխարհին աղօթքով միանալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած յիշատակին եւ դատապարտում հայկական ուղղաթիռի հարուածումին։
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, որուն կը մասնակցէին 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն՝ ժողովը որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը կատարել 23 Ապրիլ 2015ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ: Որպէս եկեղեցական տարեկան յիշատակութեան տօնացուցային օր՝ սահմանուած է 24 Ապրիլը:
Սրբադասման յանձնախումբին յանձնարարական տրուած է նաեւ ձեռնամուխ ըլլալ անհատական սրբադասման համար անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններուն՝ նկատի ունենալով Կոմիտաս վարդապետն ու ուրիշ անհատներ:
13 Նոյեմբերի նիստի մասնակցած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու աշխատանքները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը, որ ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առիթով 2015 թուականին նախատեսուող պետական ծրագիրները՝ անդրադարձ կատարելով հայաստանեայց եկեղեցւոյ հետ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ համադրաբար կայանալիք նախաձեռնութիւններուն։
Բարձրաստիճան հոգեւորականները հրաւէր ուղղած են քրիստոնեայ ամբողջ աշխարհին՝ աղօթքով միանալու 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յիշատակի արարողութիւններուն: Ժողովի մասնակիցները նաեւ կոչ ուղղած են միջազգային հանրութեան՝ վճռականօրէն շարունակելու Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը այլ յայտարարութեամբ մը դատապարտած է հայկական ուղղաթիռը հարուածելու ատրպէյճանական զինուած ուժերուն արարքը:
13 Նոյեմբերի առաջին նիստին ընթացքին եպիսկոպոսաց դասը աղօթած է ջախջախուած ուղղաթիռի անձնակազմի զոհուած անդամներ Սերգէյ Սահակեանի, Սարգիս Նազարեանի եւ Ազատ Սահակեանի հոգիներու հանգստութեան համար եւ սրտակցութիւն յայտնած է զոհուած հայորդիներուն ընտանիքներուն ու հարազատներուն:
«Ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան առջեւ եպիսկոպոսաց ժողովը իր զօրակցութիւնն է յայտնում Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններին՝ հայցելով Տիրոջ խաղաղութիւնը հայրենի մեր երկրին եւ ժողովրդին», նշուած է այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը յանձնարարած են եպիսկոպոսներուն՝ եկեղեցիներուն մէջ կատարել հոգեհանգստեան արարողութիւններ զոհուած օդաչուներուն համար: Յանձնարարուած է նաեւ պետական եւ միջազգային լիազօր բոլոր ատեաններուն մէջ աշխատանքներ իրականացնել՝ կանխարգելելու Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը խաթարող սադրիչ եւ ռազմատենչ գործողութիւնները եւ չէզոքացնելու պատերազմի վերսկսման վտանգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.