2014-11-13 09:06:29

Ս. Երկրի ֆրանչիսկեան հայրերը կը խնդրեն որ Երուսաղէմը հանդիսանայ համակեցութեան ու խաղաղութեան օրինակը ։


(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014) Միջին Արեւելքի իրավիճակը օրէ օր կը վատթարանայ, ուր պաղեստինցիներու ու հրեաներու միջեւ լարուածութիւնը իր գագաթին հասած է եւ որուն հետեւանքով Ս. Երկրի ս. վայրերը թիրախը եղած են երկու հասարակութիւններու միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը մտահոգ է Երուսաղեմի այս իրավիճակով ու երկու կողմերը հրաւիրած է պաշտպանելու եկեղեցւոյ ինչքերը ու անոր բոլոր անդամները։
Հայր Իպրահիմ ֆալդաս` անդամ ս. Ֆրանչիսկոսի միաբանութեան ըսաւ. ''Ամէնքս կանչուած ենք յայտնելու մեր մտահոգութիւնը Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն ի տես։ Ամէնքս կանչուած ենք միասնաբար գործելու յաղթահարելու դժուարութիւնները։ Ամէնքս կանչուած ենք աղօթելու որպէսզի կրօնապետերը պատերազմ չհռչակեն յանուն կրօնի։ Երուսաղէմը պէտք է հանդիսանայ տիպարը համակեցութեան ու խաղաղութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.